«Օգնի՛ր Եղբօրդ» Նախաձեռնութեան Միջոցով Հայաստան 15 Թոն Սննդամթերք Պիտի Ուղարկէ Սուրիա
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սուրիոյ մէջ տիրող քաղաքական ճգնաժամին, կառավարական եւ ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ բախումներուն պատճառով ստեղծուած ծանր կացութեան լոյսին տակ մեծ դժուարութիւններ դիմագրաւող սուրիացիներուն մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող առաջին օդանաւը քանի մը օրէն պիտի ուղղուի Սուրիա։ Այս մասին յայտնած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան, որ դիտել տուած է, թէ ուղարկուած օգնութիւնը հայ եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքի ազգային համակարգող մարմինի ճամբով պիտի բաժնուի Սուրիոյ բնակիչներուն, նաեւ՝ այլազգներուն։ «Դեղօրայք, սնունդ եւ բնակիչներին անհրաժեշտ այլ պարագաներ տեղափոխող ինքնաթիռի բեռնումը «Օգնի՛ր եղբօրդ» քաղաքացիական նախաձեռնութեան գաղափարն է: Նախաձեռնութիւնն իր շուրջը համախմբել է Հայաստանի եւ Արցախի մի շարք հասարակական կազմակերպութիւնների եւ անհատներ», դիտել տուած է Յովհաննիսեան:
Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն «Արմէնփրէս»ին յայտնած են, որ բաւական մեծածաւալ օգնութիւն՝ պահածոներ, ձաւարեղէն, բուսական իւղ, ուղարկուած է Հայաստան, որպէսզի «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ տարուին Սուրիա։
Սուրիոյ ժողովուրդին իրենց օգնութիւնը տրամադրած են նաեւ տարբեր կազմակերպութիւններ եւ անհատներ, որոնց ներդումը փոխանցուած է այս նպատակով բացուած դրամատնային հաշիւին միջոցով։ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հանրային կապերու աշխատակիցը յայտնած է, որ այս նպատակով «Փեթակ» ընկերութիւնը տրամադրած է 4 միլիոն 100 հազար դրամ, իսկ «Հայռուսգազարդ»ը՝ 2 միլիոն դրամ: «Այաւոր Կազար անունով մի բարերար սիրիահայերի օգնութեան հաշուեհամարին է փոխանցել 300 տոլար», նշած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հանրային կապերու աշխատակիցը:
1500 տուփ սննդամթերքի առաջին օդանաւը
Սուրիա պիտի ուղեւորուի վաղը «Օգնի՛ր եղբօրդ» քաղաքացիական նախաձեռնութեան միջոցով հաւաքուած 1500 տուփ սննդամթերքի առաջին օդանաւը Սուրիա պիտի ուղեւորուի վաղը:
Տարբեր կառոյցներու, անհատներու եւ գործարարներու տրամադրած սննդամթերքը, ընդհանուր կշիռքով մօտ 15 թոն, արդէն քանի մը օրէ ի վեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական միութեան, «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի անդամները կը ծրարեն տուփերուն մէջ: Հազար տուփ արդէն պատրաստ է, որուն այսօր երիտասարդները պիտի աւելցնեն 500 տուփ եւս: Ծրարումի աշխատանքները կը կատարուին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի գրասենեակին մէջ:
Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի հարաւային թաղամասին մէջ, Սեպտեմբեր 30-ին տեղի ժամանակով 1,30-ին տեղի ունեցած է պայթում մը. Աւազ կրող ականուած մեքենայ մը, զոր կը վարէր անձնասպանական գործողութիւն կատարող ահաբեկիչ մը՝ կանգ առած է կառուցուելիք շէնքի մը դիմաց եւ պայթեցուցած զայն։
Պաշտօնական տուեալներու համաձայն պայթումին հետեւանքով զոհուած է չորս քաղաքացի, կան վիրաւորներ, որոնց մէկ մասը ծանր աստիճանի վնասներով: Պայթումը պատճառած է նաեւ նիւթական մեծ վնասներ։ Զոհերուն մէջ հայեր չկան։
«Եռագոյն» կը հաղորդէ թէ ոչ պաշտօնական տուեալներով ծանր վիրաւորներէն երկուքը մահացած են՝ զոհերուն թիւը հասցնելով 6-ի։
Պայթումի վայրէն ոչ շատ հեռու ապրող բնակիչներէն Ռուբինա Սարգիսեան «Եռագոյն»ին փոխանցած է թէ «այս պայթումը ամենազօրաւորն էր, ամբողջ Գամիշլին ցնցուեցաւ, բարեբախտաբար մօտակայքը ապրող հայեր չկան, հայ բնակիչներէն ամենամօտը մենք ենք՝ մօտ 100 մեթր հեռու էր մեզմէ, ամբողջ թաղամասի պատուհաններուն ապակիները փշրուեցան, նոյնիսկ մինչեւ 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուողներունը»։
Սուրիական հեռուստաալիքը փոխանցած է, որ ականուած բեռնատար մեքենան բեռնաւորուած էր աւազով՝ իր մէջ կրելով 1500 քկ պայթուցիկ նիւթ։