Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ երկիրներու միջեւ դրացիութեան քաղաքականութեան հարցերով Եւրոպական Միութեան  յանձնակատար Սթեֆան Ֆիւլէ Երեւան կը գտնուի: Երէկ ան հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ:


Նախագահի գրասենեակէն յայտնած են, թէ ան գոհունակութիւն ար-տայայտեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած ուժականութեան եւ ապագայի գծով տարուող աշխատանքներու կապակցութեամբ:
Սթեֆան Ֆիւլէ նշած է, թէ իր այցելութիւնը Երեւան ցոյց կուտայ, թէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւներու շրջագիծը ծրագրաւորման հանգրուանէն անցած է՝ աւելի յստակ գործողութիւններու դաշտ ձեւաւորելու հանգրուան: Քննարկուած են ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման, ՀՀ քաղաքացիներուն համար ԵՄ մուտքի արտօնագրերու դիւրացման եւ այլ հարցեր: