Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Պատասխանելով «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերի վերջերս Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանին ներկայացուած տնտեսական պահանջներուն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան յայտնեց,

որ կարելի չէ գտնել որեւէ քաղաքական չափորոշիչ, որպէսզի գնահատուի այն վնասը, որ Ատրպէյճան կը հասցնէ Ղարաբաղին, Հայաստանին եւ ինքն իրեն ուժի օգտագործման եւ հայատեացութեան քաղաքականութեան պատճառով:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման‘ Շաւարշ Քոչարեան նշեց, որ Ատրպէյճան հայկական բնակչութեան զանգուածային ջարդեր եւ ցեղային զտումներ իրագործեց, ինքնորոշուած Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ  սանձազերծեց լայնածաւալ յարձակում, որ  պատճառ դարձաւ բազմաթիւ զոհերու, բնակավայրերու աւերման, ենթակառոյցներու ոչնչացման եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքներու մինչեւ այսօր պահպանուող բռնագրաւման:
Քոչարեան նշեց, որ այսօր Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը հերոսացնէ կացինը ձեռքին գիշերային մարդասպանին‘ հրաժարելով արձակազէնները հեռացնելէ, միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծումէն, զինադադարի դրութեան ամրապնդումէն եւ շփման գիծին վրայ սադրանքներ կազմակերպելով, պատասխանատուութիւն կը կրէ մարդկային կորուստներու համար:
Ան յայտնեց, որ թիւերու, միջազգային իրաւունքի կամ շրջանի պատմութեան խեղաթիւրուած մեքենայութիւնները պիտի չօգնեն Ատրպէյճանի ղեկավարութեան խուսափելու պատասխանատուութենէն‘ ինչպէս տագնապի բոլոր կողմերուն կորուստներու, նոյնպէս ալ տագնապի լուծման եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ միջնորդներու ջանքերու նպատակամղուած ռմբահարումին համար: