Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր մինչեւ 1915 Տիգրանակերտի մէջ ապրած հայերու եւ ասորիների ժառանգներուն կոչ ըրած է վերադառնալ նախնիներու քաղաք: Այս մասին կը տեղեկացնէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով «Milliet»-ը:
Հայ եւ թուրք լրագրողները համատեղ ծրագրի ծիրէն ներս հանդիպում ունեցած է Օսման Պայտեմիրի հետ:
«Մենք չենք ցանկանար մասնակից ըլլալ հայերու կոտորածի եւ տառապանքներու ենթարկած մեր պապերու ժառանգութեան: Վերադարձէ՛ք ձեր քաղաք»,-հայերուն կոչ ըրած է քաղաքապետը:
Ան նշած է, որ իրեն արգիլուած է բացակայիլ երկրէն, սակայն ինքը կը ցանկանար այցելել Երեւան:
«Օր մը գուցէ այդ արգելքը վերանայ: Այդ ժամանակ ես շատ կը ցանկանամ Երեւան այցելել: Կը ցանկանամ Տիարպեքիրէն փունջ մը ծաղիկ բերել՝ զոհերու յուշակոթողին դնելու: Իմ ամենամեծ երազանքս Թուրքիոյ մէջ հայ, ասորի եւ թուրք, ինչպէս նաեւ բոլոր հալածուած ժողովուրդներուն նուիրուած յուշակոթող կառուցելն է»,-ըսած է Պայտեմիրը: