Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՆԵՐԿԱՅ ԷՐ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԷՆ ՀՕՄԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ԸՆԿ. ԼԻԶԱ ԱՒԱԳԵԱՆԸ

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեանը,

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Նարինէ Գալստեանը, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Լիզա Աւագեանը եւ Ալեսիա Բեշանեանը:
Հանդիպման ընթացքին ի շարս այլ հարցերու, քննարկուեցան Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայերը յուզող խնդիրները: Նախարարը ՀՕՄ-ականներուն հաւաստիացուց, որ սուրիահայերուն վերաբերող բոլոր խնդիրները՝ Հայաստանի նախագահին յանձնարարութեամբ, Հայաստանի կառավարութեան բոլոր նախարարութիւններուն ուշադրութեան կեդրոնն են, եւ որ սփիւռքի նախարարութիւնը կը տիրապետէ Սուրիայէն եկած հայրենակիցներուն վերաբերող ամբողջ տեղեկատուութեան եւ կը շարունակէ հանդէս գալ անոնց կեցութիւնը Հայաստանի մէջ ըստ կարելւոյն  դիւրացնող նախաձեռնութիւններով:
Հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուեցաւ միացեալ ծրագիրներու իրականացման համաձայնութիւն: