Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հունգարիա Դիւանագիտական Յարաբերութեանց Վերականգնման Ակնկալութեամբ Նամակ Յղած Է.

Հունգարիոյ կառավարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 24 Սեպտեմբերին դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման ակնկալութեամբ նամակ մը յղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան:

Հունգարական կողմը շահագրգռուածութիւն կը յայտնէ առանց նախապայմաններու դադրեցնելու Հայաստանի կողմէ միակողմանի կերպով դիւանագիտական յարաբերութիւններու առկախումը:
Փաստաթուղթին մէջ նշուած է. «Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր ողջոյնը կը յղէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան: Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարու- թիւնը փափաք կը յայտնէ Հունգարիոյ կառավարութեան շահա-գրգռուածութիւնը յայտնել՝ դադրեցնելու Հայաստանի կողմէ դիւանագիտական յարաբերութիւններու միակողմանի կասեցումը՝ առանց նախապայմաններու: «Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առիթէն կ՛օգտուի ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան վերահաստատելու իր մեծագոյն յարգանքը»:
«Երկիր Մետիա»-ի այն հարցումին, թէ վերոնշեալ նամակին Հայաստանի պատասխանը ի՞նչ պիտի ըլլայ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան պատասխանած է. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հունգարիայէն գործնական եւ յստակ քայլեր կ՛ակնկալէ»: