Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Սեպտեմբերի 20-ին Սերպիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեանը հանդիպում ունեցաւ Սերպիոյ արտաքին գործերու նախարար Իվան Մրկիչի հետ:


Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: Նշուեցին երկիրներու աւանդական բարեկամական կապերը։
Կողմերը քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, ներառեալ՝ տնտեսական համագործակցութեան խթանման  հնարաւորութիւնները:
Միջխորհրդարանական համագործակցութեան ամրապնդման հարցով երկկողմ հետաքրքրուածութիւն արտայայտուեցաւ: Երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Պելկրատի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոսութեան բացման առթիւ:
Իվան Մրկիչը, ընդունելով ՀՀ դեսպանի կողմէ փոխանցուած՝ ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Հայաստան այցելելու հրաւէրը, մինչեւ ընթացիկ տարուայ վերջ այցելութիւնը  իրականացնելու վերաբերեալ իր տրամադրուածութիւնը յայտնեց: