Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անցնող շաբաթավերջին իր պաշտօնական պատասխանը յղեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի ուղերձին: Պատասխանի մանրամասնութիւնները չեն հաղորդուած:


Մետվետեւի ուղերձը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն փոխանցած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ երբ Յուլիսի սկիզբը կարճատեւ այցելութիւններ կատարած էր  Երեւան եւ Պաքու:
Ռուսիոյ նախագահին առաջարկներուն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պատասխանը այդ երկրին արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով պաշտօնական Մոսկուային փոխանցած էր 18 Յուլիսին:
Նոյն օրը Սերկէյ Լաւրով կապ հաստատած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ եւ խնդրած նաեւ Սերժ Սարգսեանի պատասխանը: