Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Սեպտեմբեր 24ին հանդիպում ունեցած է Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամներու հետ, ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանի գլխաւորութեամբ:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի հանրապետութեան նախագահական պաշտօնական կայքէջը:
Հանդիպման քննարկուած են կազմակերպութեան կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքը եւ հեռանկարներու առնչուող կարգ մը հարցեր: Հիւրերը երկրի ղեկավարին հաւաստիացուցած են, որ պատրաստ են ընդլայնելու Արցախի մէջ իրենց գործունէութիւնը:
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է տարիներ շարունակ ՀՕՄի կողմէ Արցախի մէջ կատարուած աշխատանքները՝ զանոնք գնահատելով իբրեւ հայրենասիրութեան լաւագոյն դրսեւորում:
Հանդիպումին կը մասնակցէր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը: