Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծումը մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն է:

Պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումը այս հարցին վերաբերեալ բաւական յստակ է. որեւէ վիճելի հարց պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով‘ ուղիղ երկխօսութեան միջոցով», յայտարարեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան‘ հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Ըստ լուրը հաղորդող «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան, Սահակեան նշեց, որ Ստեփանակերտը պատրաստ է Ազրպէյճանի հետ քննարկելու որեւէ հարց‘ ըլլայ քաղաքական, զինուորական, թէ մարդասիրական:
Սահակեան նաեւ ընդգծեց, որ Արցախը պէտք է մասնակցի բանակցային հոլովոյթի բոլոր փուլերուն: Միեւնոյն ժամանակ, շեշտեց ան, «խօսք չի կրնար ըլլալ մեր անկախութեան եւ անվտանգութեան նոյնիսկ քիչ մը թուլացման մասին»: «Մեր ազգին համար անոնք բացառիկ արժէքներ են եւ ենթակայ չեն սակարկութեան», ըսաւ Սահակեան:
Տագնապի լուծման կից արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն ուղղութիւն նկատուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հարցը: