Print
Category: Հայաստան-Արցախ

1990 թ. Օգոստոս 23-ին Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նստաշրջանէն ընդունուած անկախութեան մասին հռչակագրով՝ դրուեցաւ Հայաստանի անկախացման գործընթացի սկիզբը:


Հռչակագիրը, որը կարեւոր իրաւական փաստաթուղթ էր դէպի անկախութիւն տանող ճանապարհին եւ կը նախանշէր Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային զարգացման ուղիները, բաղկացած էր 12 կէտերէ:
Հռչակագրի քաղաքական բաժնին մէջ կը նշուէր, որ ՀԽՍՀ-ն կը վերանուանուէր Հայաստանի Հանրապետութիւն (կրճատ՝ Հայաստան, այսինքն այնպէս, ինչպէս հանրապետութիւնը կոչուած էր 1918 թուականին): Այսպիսով, Հայաստանի պատմութեան մէջ կը սկսէր երրորդ հանրապետութեան շրջանը (առաջինը՝ 1918-1920, երկրորդը՝ 1920-1991): Կարեւոր է նշել, որ թէեւ Խորհրդային Հայաստանը դեռ եւս ԽՍԽՄ-ի կազմին մէջ կը գտնուէր եւ չէր օգտուեր իրական պետական անկախութենէն, սակայն այդ շրջանին ձեռք բերուած յաջողութիւններու հիմքի վրայ էր, որ հնարաւոր եղաւ կեանքի կոչել նոր հանրապետութիւնը:
Հռչակագրի յատուկ յօդուածով կ'ընդունուէր հանրապետութեան օրէնքներու գերակայութիւնը ԽՍՀՄ օրէնքներու նկատմամբ: Եթէ ԽՍՀՄ տուեալ օրէնքը չէր հաստատուած ՀՀ Գերագոյն խորհուրդի  կողմէ, ապա այն կարող չէր գործել հանրապետութեան մէջ: Պետական դրօշ հաստատուեցաւ Եռագոյնը՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն, որը առաջին հանրապետութեան դրօշն էր: Այնուհետեւ ընդունուեցաւ նոր պետականութեան միւս խորհրդանիշը՝ զինանշանը, որը նոյնպէս առաջին հանրապետութեան խորհրդանիշն էր: Հայաստանը պէտք էր վարեր աշխուժ արտաքին քաղաքականութիւն, ունենար իր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները տարբեր երկիրներու մէջ:
Փաստաթուղթի տնտեսական բաժնին մէջ կը նշուէր, որ Հայաստանի տարածքին վրայ հողը, անոր ընդերքը, ձեռնարկութիւնները կը համարուին հայ ժողովուրդի սեփականութիւնը: Երկրի տնտեսութեան հիմքին վրայ պէտք է ըլլան մասնաւոր սեփականատիրական եւ ազատ շուկայական յարաբերութիւնները: Հողը, իբրեւ մասնաւոր սեփականութիւն, պէտք էր տրուեր գիւղացիութեան:  Ձեռնարկութիւններու մէկ մասը ենթակայ էր սեփականաշնորհման: