ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր».- «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, ՀՅԴ անդամ Արթուր Աղաբեկեանը հաստատեց այն լուրը, որուն համաձայն, ինք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխ վարչապետ պիտի ըլլայ։ Ըստ անոր, իրեն առաջարկուած է այդ պաշտօնը, եւ ինք ընդունած է։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ճի՞շդ են շրջան ընող այն լուրերը, որոնց համաձայն, այդ նշանակումին համար է, որ նախագահական ընտրութիւններուն ատեն Դաշնակցութիւնը սատարեց Բակօ Սահակեանին, եւ ոչ՝ Վիտալի Բալասանեանին՝ Աղաբեկեան պատասխանեց. «Ինձ Լեռնային Ղարաբաղի փոխ վարչապետ նշանակելը բացարձակապէս կապ չունի իմ՝ դաշնակցական լինելու հետ. առաջարկը եղել է Արթուր Աղաբեկեանին: Ինձ նշանակում են՝ իմ կատարած աշխատանքը գնահատելով: Առաջարկը արուել է՝ հաշուի առնելով այն դերակատարութիւնը, որ ես ունեցել եմ ԼՂՀ զարգացման, տնտեսութեան վերականգման գործում, ժողովրդի հետ աշխատելու փորձի համար, ինչու ոչ՝ նաեւ իմ ՀՅԴական լինելու հանգամանքը»:
Ան յայտարարեց, որ իր նշանակումը որեւէ կապ չունի Լեռնային Ղարաբաղի նախագահական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան կողմէ Բակօ Սահակեանին զօրակցելուն հետ։
Նշենք, որ Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան մերժած է հաստատել Աղաբէկեանի փոխ վարչապետ նշանակման լուրը, սակայն նաեւ չէ հերքած զայն: Նախագահի հրամանագիր Աղաբէկեանի նշանակման վերաբերեալ այս պահուս չկայ, յայտնած է Բաբայեան: