Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման խնդիրը որպէս ընթացիկ հարց, ամենայն հաւանականութեամբ, կը քննարկուի Հոկտեմբերի 1-5-ը Ստրասպուրկի մէջ կայանալիք ԵԽԽՎ աշնանային նստաշրջանին
Այս մասին «Երկիրն այսօրին» հեռախօսով տեղեկացուց հայաստանեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը` Փարիզէն, ուր տեղի ունեցաւ Մարդու իրաւունքներու եւ իրաւական հարցերու յանձնաժողովի նիստը: Ան ալ յանձնաժողովին առաջարկեց Սաֆարովի տխրահռչակ պատմութեան անդրադառնալ Վեհաժողովի լիագումար նիստին: Այս առաջարկութիւնը ընդունուեցաւ 20 կողմ, 7 դէմ ձայնով:
Բացի թուրք եւ ատրպէյճանցի պատուիրակներէն, դէմ քուէարկողներու թիւին մէջ էր նաեւ ԵԽԽՎ-ի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով զբաղուող ենթայանձնաժողովի նախագահ Խուգլա Ի Կոստան: Հունգարիայի պատուիրակը նիստին չմասնակցեցաւ:
«Քննարկումը շատ բուռն ընթացաւ: Ես հարց բարձրացրեցի այն մասին, որ քանի որ շատ բարձր ատեաններ արդէն յայտարարութեամբ են հանդէս եկել կատարուածի վերաբերեալ, մեր յանձնաժողովն էլ պէտք է իր վերաբերմունքն արտայայտի: Առաջարկեցի նախաձեռնել քննարկում` բերելով այս խնդրի հետ կապուած բոլոր յայտնի փաստարկ- ները: Ասացի, որ սա մարտահրաւէր է՝ ուղղուած ոչ միայն Հայաստանին, այլեւ ԵԽԽՎ-ին եւ ողջ քաղաքակիրթ մարդկութեանը: Սա մի իրավիճակ է, որի նախադէպը չի եղել, եւ մենք պարտաւոր ենք սրան լրջօրէն վերաբերուել:
Ատրպէյճանի, Թուրքիայի պատգամաւորներն ամէն ինչ ըրին, որ յանձնաժողովը խնդրից շեղուի, բայց ի պատիւ մեր յանձնաժողովի անդամներու եւ նախաձեռնութիւնը պաշտպանուեցաւ: Եղան նաեւ այլ առաջարկներ, օրինակ, մի խումբ պատգամաւորներ առաջարկեցին խնդրին անդրադառնալ նաեւ իրաւական հարթութեան մէջ, մասնաւորա- պէս, առաջարկուեց, որ Գուրգէն Մարգարեանի իրաւայաջորդները, ովքեր Մարգարեանի ծնողներն են, դիմեն Եւրադատարան՝ արդարադատութեան իրականացման պահանջով: Բուռն քննարկումներից յետոյ նախաձեռնութիւնը դրուեց քուէարկութեան եւ ընդունուեց 20 կողմ, 7 դէմ ձայնով»,- ըսաւ ԵԽԽՎ-ի մէջ ՀՀ ԱԺ պատուիրակութեան անդամ Արմէն Ռուստամեանը։