Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 10ի երեկոյեան, ճատրակի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին վերատիրացած Հայաստանի ազգային հաւաքականը, նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ դիմաւորուեցաւ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, ուր նաեւ մեծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր հայ վարպետները դիմաւորելու համար:


Պոլսոյ մէջ կայացած խմբային ճատրակի 40րդ մրցաշարքին մասնակցած Հայաստանի տղամարդկանց հաւաքականի կազմի անդամներն են Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Տիգրան Լեւոնի Պետրոսեան, Վլադիմիր Յակոբեան եւ Սերգէյ Մովսիսեան, իսկ խումբի գլխաւոր մարզիչն է Արշակ Պետրոսեան:
Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք, ախոյեանները՝ նախագահին գլխաւորութեամբ, ուղեւորուեցան Ազատութեան հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ տօնական համերգ մը, բազմահազար երկրպագուներու մասնակցութեամբ:
Հաւաքականի առաջատար Լեւոն Արոնեան յայտնեց. «Մենք գնացել էինք յաղթելու ոչ միայն մեզ համար, այլ հէնց այնտեղի՛ հայութեան համար: Ես ինձ անչափ հպարտ եմ զգում, քանի որ նման հաւաքականի մի մասնիկն եմ»:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պարգեւատրեց Ախոյեանները

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ միւենոյն ժամանակ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին նախագահն է, երէկ հրամանագիրներ ստորագրելով պարգեւատրեց 2012-ի Ճատրակի միջազգային ողիմպիականին ախոյեան հանդիսացած Հայաստանի տղոց հաւաքականը: Այլ հրամանագիրով մը նախագահ Սարգսեան Ա. կարգի մետալով պարգեւատրեց Տ. Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան տնօրէն Հրաչիկ Թաւադեանը՝ Հայաստանի մէջ ճատրակի զարգացումը խթանելու եւ հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար:
Իսկ Բ. կարգի մետալ ստացաւ Արմէն Աղուզումցեան՝ ճատրակի մէջ հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար: