Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Եանոշ Մարթոնի յայտնած է, որ իր երկիրը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Զուիցերիոյ առաջարկը ընդունած է:


Մեկնաբանելով Հունգարիայէն արտայանձնուած Ռամիլ Սաֆարովի Ատըրպէյճանի նախագահին կողմէ ներման շնորհուիլը՝ ան նշած է, որ այն իրողութիւնը, որ Ատրպէյճան իր խոստումը խախտեց, «անընդունելի է եւ պէտք է դատապարտուի»:
Politics.hu հունգարական կայքէջը իր կարգին  կը հաղորդէ, որ Մարթոնի նշած է, որ Հունգարիա կը դատապարտէ 2004-ին Պուտափեշտի մէջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած վիճակի մէջ կացինահարած ատրպէյճանցի սպայ Սաֆարովին ներում շնորհելու մասին նախագահ Ալիեւի տուած որոշումը:
«Ատրպէյճանական կողմին արարքները անընդունելի են եւ պէտք է դատապարտուին: Ատրպէյճան խախտած է իր խոստումը եւ ներում շնորհած Սաֆարովին, հակառակ նախապէս  ներկայացուած երաշխիքներուն, թէ ան Պաքուի մէջ պիտի շարունակէ իր պատիժը կրել», յայտարարած է Մարթոնի:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարը առաջարկած է կարգաւորել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները: «Զուիցերիան միշտ չէզոք երկիր եղած է, որ այս պահուս կրնայ մեզի օգնել կարգաւորելու համար Հայաստանի հետ լարուած յարաբերութիւնները: Հունգարիան անպայման պէտք է օգտուի ատկէ: Ամէն պարագայի, Հունգարիա գործած է միջազգային արժեչափերուն համապատասխան եւ այդ որոշումին համար ոչ մէկ տնտեսա- կան ենթահող չէ եղած: Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ հայերը հասկնան, թէ Հունգարիան միշտ ալ զիրենք  իբրեւ բարեկամ ընկալած է», նշած է Մարթոնի:
Մեկնաբանելով հունգարական կողմի այս յայտարարութիւնը՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Հայաստան չի կարծեր, թէ Հունգարիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար միջնորդութեան կարիք կայ. «Այստեղ միջնորդութեան կարիք չկայ,  անհրաժեշտ են յստակ քայլեր՝ հունգարա- կան իշխանութիւններուն կողմէ»: