Նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցով Շիրակի մարզ գտնուեցաւ, ուր մասնակցեցաւ Գիւմրիի նորակառոյց բժշկական կեդրոնի բացման արարողութեան, որու հիմնարկէքին մասնակցած էր դեռ եւս 2010թ. Հոկտեմբեր 23-ին:
Ըստ նախագահական գրասենեակի կայքի՝ Սերժ Սարգսեանը շրջեցաւ ժամանակակից չափանիշներով կառուցուած բուժհաստատութեան մէջ, ծանօթացաւ կատարուած աշխատանքներուն եւ ստեղծուած պայմաններուն:
Շրջայցի ժամանակ նախագահին զեկուցեցին, որ բժշկական կեդրոնը կը գործէ լայն ախտորոշիչ հնարաւորութիւններով, ժամանակակից կահաւորմամբ, վիրասրահներով, անհետաձգելի բուժման բաժանմունքներով, յարմարաւետ հիւանդասենեակներով, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաքի եւ արտերկրի առաջատար հիւանդանոցներու հետ հեռահաղորդակցային բժշկական խորհրդատուութիւններու իրականացման հնարաւորութեամբ:
Գիւմրիի նոր բժշկական կեդրոնի կառուցման եւ ժամանակակից բժշկական սարքաւորումներով յագեցման աշխատանքները իրականացած են Համաշխարհային դրամատան կողմէ ֆինանսաւորուող «Առողջապահական համակարգի արդիականացում» ծրագրի ծիրէն ներս՝ ՀՀ կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ:
Աշխատանքային այցի ծիրէն ներս Սերժ Սարգսեանը այցելեց նաեւ «Գիւմրիի մօր եւ մանկան աւստրիական հիւանդանոց»:
Նախագահը վստահեցուցած էր, որ ներկայացած խնդիրները հնարաւորին կարճ ժամկետի մէջ կը լուծուին, որպէսզի հիւանդանոցը ամբողջութեամբ ըլլայ բարեկարգ, ունենայ բարձրակարգ մասնագէտներ եւ յագեցած ըլլայ ժամանակակից սարքաւորումներով:
Այդ ուղղութեամբ Սերժ Սարգսեանը համապատասխան յանձնարարականներ տուած էր պատասխանատուներուն: Նախագահը վերանորոգուած հիւանդանոցին մէջ ծանօթացաւ եղած աշխատանքներուն եւ նախորդ այցի ժամանակ տրուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքին:
Հիւանդանոցը դարձած է ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան բարձրակարգ առողջապահական հաստատութիւն: