Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Նախանցեալ օր, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, Ս. պատարագի աւարտին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Սուրիոյ  մէջ զինուորական գործողութիւններուն պատճառով զոհուած հայորդիներուն եւ հաւատակիցներուն համար:


Ս. պատարագին եւ հոգեհանգիստին ներկայ էին Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը, ինչպէս նաեւ սուրիահայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ ուխտաւորներ:
Նախքան արարողութիւնը՝ Ս. Էջմիածինի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի տնօրէն  Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան եւ սուրիահայ համայնքին: Ան ցաւ յայտնեց Սուրիոյ մէջ շարունակուող տագնապին համար  եւ յանուն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի միաբանութեան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն:
Սրբազան հայրը նշեց, որ Հայ առաքելական եկեղեցին, որ Քրիստոսի խաղաղութեան Աւետարանի քարոզիչն է, մշտապէս երկխօսութեան եւ համերաշխութեան կոչեր կ՛ուղղէ:

ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ընդունեց Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը: Զրոյցին ընթացքին վեհափառը անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ տարբեր կրօններու եւ մշակոյթներու խաղաղ ու համերաշխ գոյակցութեան հարուստ պատմութեան՝ գոհունակութեամբ նշելով հայ համայնքին նկատմամբ դարերու ընթացքին եւ մասնաւորաբար ցեղասպանութեան օրերուն Սուրիոյ իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին կողմէ դրսեւորուած եղբայրական հոգատար վերաբերմունքը:
Իր մտահոգութիւնը արտայայտելով Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին առիթով՝ Գարգեին Բ. վեհափառը կարեւոր նկատեց Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան, ներքաղաքական կայունութեան ու հասարակական համերաշխութեան շուտափոյթ հաստատումը:
Իր կարգին Սուրիոյ դեսպանը ամփոփ ներկայացում մը կատարած է Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին եւ վերջին օրերու իրադարձութիւններուն: