Եղիսաբէթ թագուհիի ներկայութեան եւ փայլուն արարողութեամբ երէկ պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ Լոնտոնի փառաողիմպիական մրցումներուն: Բացման մասնակցեցան 3000 կամաւորներ, 100 երեխաներ եւ 100 արուեստագէտներ:
Մրցումները պիտի աւարտին Շաբաթ 9 Սեպտեմբերին:
Լոնտոնի անդամալոյծերուն յատուկ
ողիմպիական խաղերուն Հայաստան
պիտի ներկայանայ երկու մարզիկով
Օգոստոս 29-Սեպտեմբերին Լոնտոնի մէջ սկսող անդամալոյծերուն յատուկ ամառնային ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը պիտի ներկայացնեն երկու մարզիկներ՝ լող եւ ծանրամարտ մարզաձեւերուն մէջ:
Այդ առիթով հրաւիրուած մամուլի ասուլիսին՝ «Փիւնիկ» Հայաստանի հաշմանդամներու միութեան նախագահ, ՀՀ փարալիմփիք կոմիտէի նախագահ Յակոբ Աբրահամեան նշեց, որ անդամալոյծերու 14-րդ ողիմպիական խաղերուն այս տարի պիտի մասնակցին աննախադէպ թիւով մարզիկներ՝ 4200 հոգի:
«Մեզ այս տարի յաջողուեց ներկայացնել երկու մարզիկի: Ֆինանսական խնդիրների հետ կապուած աւելի շատ մարզիկների չկարողացանք ներկայացնել: Ի տարբերութիւն նախորդ մրցումներին, այս տարի մասնաւոր ընկերութիւնների կողմից աջակցութիւն կայ եւ երկու մարզիկներին էլ տարբեր ընկերութիւններ են հովանաւորում»,- ըսաւ ան:
Յակոբ Աբրահամեան նշեց, որ երկու մարզիկներն ալ կը գտնուին մարզական լաւ վիճակի մէջ, թէեւ անոնցմէ ակնկալիքները մեծ են: Անոնք երկուքն ալ աւելի շատ կը մարզուին Գիւմրիի մէջ:
Ծանրորդ Կրեթա Վարդանեան լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ իրենք մարզական ոգիով կը մեկնին եւ պատրաստ են ցանկացած պայքարի, միայն թէ յաղթեն: Իսկ լողորդ Մարկարիթա Յովակիմեան ընդգծեց, որ թէեւ ինքը առաջին անգամ է կը մասնակցի խաղերուն, բայց ընդհանրապէս չի վախնար:
«Անելու եմ ամէն ինչ, որպէսզի յաղթանակով վերադառնամ Հայաստան»,- ըսաւ ան:
ՀՀ անդամալոյծ մարզիկներու կոմիտէի նախագահ Յակոբ Աբրահամեան նշեց, որ շատ երկիրներ, որոնք Հայաստանէն շատ աւելի հարուստ են, դարձեալ մէկ-երկու մարզիկով կը մասնակցին խաղերուն:
«Հայ մարզիկների հաւանականութիւնը մեծ է եւ եթէ կառավարութիւնն աւելի շատ գումար տրամադրի, մենք աւելի շատ մարզիկներ կը կարողանանք ուղարկել խաղերի: Կառավարութիւնը մեզ տրամադրել է 5.8 միլիոն դրամ»,- ըսաւ ան եւ աւելցուց, Ողիմպիական կոմիտէն 100.000-ական դրամ տրամադրած է մարզիկներուն:
Նշենք, որ Հայաստանը անդամալոյծերու ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցի 1996-էն ի վեր: