Օգոստոս 28-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը հանդիպեցաւ ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Հենրիէթ Արենսին: Հանդիպման ընթացքին նախընտրութիւն տրուեցաւ Հայաստան ժամանած սուրիահայերու, եւ յատկապէս երեխաներու հիմնահարցերուն:
Նախարարի ներկայացմամբ սուրիահայերու հիմնախնդիրները, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ, կը գտնուին ՀՀ կառավարութեան անընդմէջ հսկողութեան եւ ուշադրութեան տակ: Նախարարը խօսեցաւ արդէն իսկ իրականացած եւ ընթացքի մէջ գտնուող ծրագրերու, սուրիահայերուն պետական մակարդակով տրուող արտօնութիւններու եւ աջակցութեան մասին: ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Հենրիէթ Արենսը հիմնադրամի անունով գործակցութեան եւ աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց, յատկապէս սուրիահայ երեխաներու հետ տարուող աշխատանքներուն: Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցաւ սուրիահայերու կրթական, առողջապահական, սոցիալական հիմնախնդիրներու ամբողջ շարք մը, քննարկուեցաւ հնարաւոր գործակցութեան լայն շրջանակ:
Հիմնադրամի ներկայացուցիչ Հենրիէթ Արենսը նշեց, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարի հետ հանդիպման եւ զրոյցի արդիւնքով ստացուած տեղեկատուութիւնը կը ներկայացուի ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի ամբողջ կառոյցին, այնուհետեւ կը սահմանուին համագործակցութեան հնարաւոր տարբերակները եւ ծրագրերը:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հ. Յակոբեանը յոյս յայտնեց, որ ձեռք կը բերուի արդիւնաւէտ համագործակցութեան տանող պայմանաւորուածութիւն, որու իւրաքանչիւր ծրագիրը կը գործէ ի նպաստ սուրիահայ երեխաներուն: