ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 27 Օգոստոսի այցելեց Երեւանի Ստեփան Շահումեանի անուան դպրոց՝ հանդիպելու արեւելահայերէնի դասընթացքներու հետեւող սուրիահայ երեխաներուն հետ:
Ան խօսեցաւ պատանիներուն հետ, ծանօթացաւ ուսման գործընթացին: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Յակոբեան նշեց, որ այս տարի շուրջ 150 սուրիահայ երեխաներ պիտի յաճախեն հայկական դպրոցներ, սակայն այդ թիւը կրնայ աւելնալ: «Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի հետ մենք արդէն սկսել ենք երեխաների հաշուառումը: Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը չի առարկում, որ որեւէ դպրոցում կրթութիւնը շարունակուի նաեւ սիրիահայերի համար նախատեսուած ծրագրով, եթէ, ի հարկէ, անհրաժեշտ քանակութեամբ երեխաներ հաւաքուեն, քանի որ երեխաներից շատերը վերադառնալու են Սիրիա», նշեց ան։
Ստեփան Շահումեանի անուան դպրոցի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Սուսան Աբազեանը «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուաւ, որ դպրոցին մէջ արեւելահայերէնի դասերու կը հետեւին 55 երեխաներ: «Մենք արեւելահայերէն սովորել բոլոր ցանկացողներին, առանց տարիքային սահմանափակման, ընդունում ենք: Երեխաները հիմնականում շատ հեշտ են լեզուն իւրացնում: Միայն ուղղախօսական դժուարութիւն կայ, որը առաջիկայում հեշտութեամբ կը շտկուի», նշած է ան։
Վիքթորիա Պոզանեանը, որ Հալէպէն Հայաստան գացած է, դիտել տուած է, որ սկիզբը կը դժուարանար բառերու զանազանութիւն կատարելու։ «Հիմա կը կարծեմ, որ միակ դժուարութիւնը առնչուած է խօսակցականին եւ այդ գծով աշխատանք կը տանիմ», յայտնած է ան։
Նշենք, որ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը՝ Երեւանի քաղաքապետարանի կրթութեան վարչութեան հետ համագործակցաբար, սուրիահայ դպրոցականներուն եւ երիտասարդներուն համար կազմակերպած է արեւելահայերէնի դասընթացքներ: Հայրենիքի մէջ գտնուող սուրիահայերու առաջին խումբին դասերը սկսած են 30 Յուլիսին՝ Ստեփան Շահումեանի անուան դպրոցին մէջ: