Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի ազգային օդանաւային «Արմաւիա» ընկերութիւնը իրականացուց Երեւան-Հալէպ-Երեւան  այս ամսուայ վերջին լրացուցիչ թռիչքը:


Ինչպէս «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին  նշեց «Արմավիա»ի մամուլի խօսնակ Նանա Աւետիսովան, ինքնաթիռը արդէն 50 ուղեւորով մեկնած էր առաւօտեան ժամը 8:00-ին: Այն Երեւան վերադարձած է 70 ճամբորդ փոխադրելով:
Պատասխանելով այն հարցումին թէ Երեւան-Հալէպ-Երեւան ուղղութեամբ Սեպտեմբերին ալ լրացուցիչ թռիչքներ նախատեսուա՞ծ են, Աւետիսովան պատասխանեց, որ կանոնաւոր թռիչքները այդ ուղղութեամբ պիտի շարունակուին, իսկ լրացուցիչ թռիչքներու հարցը դեռ քննարկման հանգրուանի մէջ է: «Ամէն ինչ հանգամանքներից է կախուած»,-ըսաւ ան:
«Արմավիա» ընկերութիւնը Օգոստոսի սկիզբէն ի վեր սկսաւ իրականացնել լրացուցիչ թռիչքներ դէպի Հալէպ՝ պայմանաւորուած Սուրիոյ մէջ ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամային իրավիճակով: