Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արեւմտահայէրենի մէկ միասնական դասագիրք՝ Սփիւռքի աշակերտներուն համար: Դասագիրքեր պատրաստելու նախաձեռնութիւնը Սփիւռքի նախարարութեան կը պատկանի, իսկ տպագրութիւնը իրականացած է «Զանգակ» հրատարակչութեան կողմէ:


Այբբենարանի ու երկու ընթերցարաններու փորձնական 500 օրինակները արդէն հրատարակուած են եւ ուղղարկուած Սփիւռքի ազգային վարժարաններ եւ հայկական միօրեայ կրթական հաստատութիւններ: Դասագրքերու մշակման աշխատանքներուն մասնակցած են մասնագէտներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն: Անոնց անունները սակայն, առայժմ չեն յայտարուած:
Կը նախատեսուի ոչ միայն առաջին եւ երկրորդ, այլեւ մնացեալ դասարաններու համար դասագիրքերու հրատարակումը եւս: Մէկ տարուայ ընթացքին գիրքերը պիտի փորձարկուին վարժարաններուն մէջ, ապա բոլոր առաջարկութիւնները եւ դիտողութիւնները հաշուի առնելով` պիտի տպագրուին արեւմտահայերէն դասագրքերու վերջնական տարբերակները:
«Հայերէնը մէկ է, հետեւաբար հայերէնի օգտագործման բոլոր ձեւերը պէտք է նոյնական լինեն: Մենք այն կարծիքին չենք, որ դասագիրքը պէտք է պարտադրենք բոլորին, բայց այս դասագիրքը լինելու է ուղեցոյց Սփիւռքի բոլոր դպրոցների համար: Ես ուրախ եմ, որ դասագիրքը ստեղծուել է Հայաստանի եւ Սփիւռքի համատեղ աշխատանքի արդիւնքում»,- դիտել տուած է Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: