Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը տեղեկացնէ թէ 11 Յուլիս 2011ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Հ.Մ.Ը.Մ.ի երկարամեայ նուիրեալ գործիչ եղբ. Հայկ Յովսէփեանի անունը կրող սկաուտական բանակավայրին:
Աւելի քան տարիէ մը ի վեր, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով, մայրաքաղաքի Էրեբունի համայնքին մէջ գտնուող այս գողտրիկ հողատարածքը տրամադրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ին՝ հոն «Հայկ Յովսէփեան» սկաուտական բանակավայրը կառուցելու համար: Այս բանակավայրի հիմնադրումը կարելի դարձաւ Յովսէփեան ընտանիքի նիւթական օժանդակութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հետեւողական ճիգերուն շնորհիւ:
Արժանաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի անունը կրող բանակավայրի բացումը յատկանշուեցաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քոյր մասնաճիւղերու բանակումով, որուն կը մասնակցէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ գործող Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութեան սկաուտները:
«Հայկ Յովսէփեան» բանակավայրի կարմիր ժապաւէնը կտրելու եւ անուանակոչութեան տախտակի բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Յարութիւն Յարութիւնեան, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Վարչութեան ատենապետ եղբ. Բագրատ Եսայեան, Համաշխարհային Սկաուտական շարժման Եւրասիոյ տարածաշրջանի տնօրէն Եուրի Եմիլեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան անձնակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան:
Օրհնութեան խօսք ուղղեց Արարատեան Հայրապետական թեմի ներկայացուցիչ Զգօն քհնյ. Աբրահամեան:
Արմէն Ռուստամեան ողջունեց եւ շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը՝ իրենց գործակցութեան եւ իրագործումներուն համար:
Եղբ. Յարութիւն Յարութիւնեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով ողջունեց եւ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները եւ Յովսէփեան ընտանիքը:
Ապա խօսք առնելով, եղբ. Բագրատ Եսայեան նշեց, թէ միացեալ ճիգերով ձեռք բերուած այս բանակավայրը տարիներով պիտի ծառայէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի թէ՛ Հայաստանի եւ թէ աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու սկաուտներուն, դառնալով անոնց հանդիպման եւ գործունէութեան մնայուն օճախը:
Բոլոր ելոյթ ունեցողները շնորհաւորանքի եւ բարեմաղթութեան խօսքեր ուղղեցին Յովսէփեան ընտանիքին եւ եղբ. Հայկ Յովսէփեանի ընկերներուն՝ անոնց կատարած աշխատանքին եւ նիւթական օժանդակութեան համար: