Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Վանի նահանգապետարանը աշխուժութեամբ սկսած է աշխատանքներ կատարել Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի վրայ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցանելու գծով:


«Գագիկ Առաջինի կողմէ 915-922 թուականներուն կառուցւած եկեղեցին, վերանորոգուած է  երեք տարիներ առաջ: Այդ օրէն ի վեր Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը թոյլատրած է եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ պատարագ մատուցանել»,- կը գրէ թրքական Sondakika կայքը:
Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 9-ի Կիրակին:
Վանի փոխ նահանգապետ Աթայ Ուսլուի  գլխաւորութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներուն նուիրուած ժողով գումարուած է: Աթայ Ուսլու նշած է, թէ անցեալին կը պատկանին Վանի երկրաշարժի դժուար օրերը, երբ շատեր օգնութեան ձեռք տուին շրջանի բնակչութեան: «Այսօր բոլորին կը հրաւիրենք ներկայ  գտնուելու Աղթամարի պատարագին» ըսած է նահանգապետը:

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, նոյնպէս այս անգամ՝ ուխտագնացութիւններ  ծրագրուած են սփիւռքահայերու մասնակցութեամբ: