Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Սկաուտական  կեդրոնական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ Երկուշաբթի, 20 Օգոստոս 2012-ին, Հայաստանի մէջ սկիզբ առաւ ՀամաՀՄԸՄ-ական խմբապետական 6-րդ համագումարը՝

 
Յունաստանը ներկայացուց շրջանային խմբապետուհի
քոյր Գոհար Ալիանաքեան

մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի կազմակերպական 16 շրջաններու, Իրանի «Արարատ», «Սիփան» եւ «Նայիրի» միութիւններու բարձրաստիճան 28 խմբապետ-խմբապետուհիներու, Սկաուտական կեդրոնական յանձնախումբի 8 քոյրեր-եղբայրներու եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Կարպիս Գապասագալեանի եւ Բագրատ Եսայեանի: Յունաստանը  ներկայացուց շրջանային խմբապետուհի քոյր Գոհար Ալիանաքեանը:
Համագումարին մասնակցող շրջաններու եւ մեկուսի շրջաններու բարձրաստիճան խմբապետ-խմբապետուհիները, Կեդրոնական վարչութեան գլխաւորութեամբ եւ Սկաուտական կեդրոնական յանձնախումբի անդամներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, ուր Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Կարպիս Գապասագալեան յանուն ՀՄԸՄ-ի  մեծ ընտանիքին զետեղեց ծաղկեպսակ մը: Ապա, ներկաները անմար կրակին շուրջ երկիւղա-ծութեամբ տեղադրեցին մեխակներ: Կեդրոնական վարչութեան ներկայացու- ցիչը խօսք առնելով ներկաները հրաւիրեց երեք վայրկեան լռութեամբ յարգելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, միաժամանակ մտային խորհրդածութեամբ, հաւատքով ու գիտակցութեամբ զինուելու եւ ազգային ինքնուրոյն դիմագիծի պահպանման պայքարն ու Հայ դատի պահանջատիրութիւնը անվհատ կամքով շարունակելու:
ՀՄԸՄ-ի քայլերգ «Յառաջ նահատակ»-ի խմբերգումէն ետք՝  համագումարին մասնակիցները բարձրացան Ծաղկաձոր:

Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Կարպիս Գապասագալեան յանուն ՀՄԸՄ-ի  մեծ ընտանիքին զետեղեց ծաղկեպսակ մը Ծիծեռնակաբերդի մէջ

 

Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Ծաղկաձորի «Կեչառիս» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ՀամաՀՄԸՄ-ական խմբապետական 6-րդ համագումարին պաշտօնական բացումը, որուն ընթացքին Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց համագումարին աշխատանքները: Ան հակիրճ ակնարկ մը նետեց նախորդ հինգ համագումարներու առաջադրանքներուն վրայ, ապա կանգ առաւ 6-րդ համագումարի աշխատանքներուն վրայ, անդրադարձաւ մասնակցողներու երիտասարդ ու կորովի ըլլալու իրողութեան, զիրենք հրաւիրեց գիտակից յանձնառութեամբ եւ գործօն դերակատարութեամբ հետեւելու համագումարի աշխատանքներուն‘ յիշեցնելով, որ իւրաքանչիւրը իր շրջանին մէջ ստանձնած է բազմահարիւր պատանիներու եւ երիտասարդներու դաստիարակութեան պատասխանատուութիւնը: Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւրէն կ՛ակնկալուի յաւելեալ յանձնառութիւն՝  ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց:
Համագումարը հինգ օրերու ընթացքին վերատեսութեան ենթարկեց  սկաուտական բոլոր կարգերու գիտելիքները եւ անոնց գործադրութեան եղանակը, մշակուեցան  դաստիարակչական ծրագիրներ՝ անոնց տալով նոր երանգ ու ոճ, ինչպէս նաեւ  զբաղուեցաւ  շրջաններու խմբապետներու վերաորակաւորման ծրագիրներով՝  մնայուն մարդուժ պատրաստելու առաջադրանքով: Պատրաստուեցաւ  նաեւ 10-րդ ընդհանուր բանակումի նախածրագիրը: Համագումարը յատուկ օրակարգով կանգ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան ունենալիք ներդրումին վրայ, ինչպէս նաեւ  անդրադարձաւ  այժմէական հրատապ այլ հարցերու: