Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսէն երէկ Հայաստան ժամանեցին 120 սուրիահայ երեխաներ: Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրով, անոնք պիտի հանգստանան Հանքաւանի «Լուսաբաց» ճամբարին մէջ:


Հայաստանի կառավարութեան երէկուան նիստին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան տեղեկացուց, որ այս թռիչքին պիտի յաջորդեն երկու այլ թռիչքներ եւս:
Կառավարութեան ներկայացուցիչները կ՛ըսեն, որ ասիկա երեխաներու տարհանում չէ, պարզապէս անոնց հանգիստի կազմակերպում: