«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ թէ Օգոստոս 6-ին հանդիսաւոր պայմաններով բացաւ Գիւմրիի «Երեխաների տուն» մանկատան հիմնանորոգուած երկու մասնաշէնքերը: Ծրագիրը իրականացաւ Հիմնադրամի
Գերմանիայի տեղական մարմնի ֆինանսաւորմամբ: Միջոցները հաւաքուեցան Հիմնադրամի բարերարներ Համօ եւ Թամար Գրիգորեաններ ընտանիքի նուիրատըւութիւններով եւ համաեւրոպական Հեռախօսամարաթոն 2011-էն հաւաքուած գումարով:
Մանկատան երկու մասնաշէնքերը՝ բարեկարգուեցան ներառեալ ննջարանները, մարմնամարզութեան սրահը, ճաշարանը, խոհանոցը, լուացքատունը: Ընդհանուր առմամբ հիմնանորոգուեցաւ 900քմ տարածք:
Բացման ներկայ էին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը, ՀՀ աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեանը, Շիրակի հոգեւոր թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպիսկոպոս Աջապահեանը, Հիմնադրամի Գերմանիայի տեղական մարմնի ատենապետ Ժիլբեր Մոմջեանը, տեղական մարմնի վարչական անդամ Անդրանիկ Միքայէլեանը, ինչպէս նաեւ բարերարներ տէր եւ տիկին Գրիգորեանները իրենց զաւակներով:
«Այս «տունը» անճանաչելիօրէն փոխուած է այս կարճ ժամանակահատուածին մէջ: Մեր բոլորի նպատակն է, որ այս երեխաներն ալ միւսներու նման ուրախ ապրին», - իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ Ժիլբեր Մոմջեանը: Իսկ բարերար Համօ Գրիգորեանը, 10 հազար տոլարի կտրոնը յանձնելով Ժիլբեր Մոմջեանին՝ յուզ ւած ըսաւ, - «Մենք շատ բարերարներ ունինք եւ ամէնքն ալ իրենց կարողութեան չափով օգտակար են, բայց պակաս կարեւոր չեն անոնք, որոնք անձնապէս կը կիսեն այս մանուկներու առօրեայ հոգսը»:
Մանկատան շէնքը կառուցուած էր 1924թ.-ին եւ մինչեւ 1972թ. կը գործէր որպէս գիշերօթիկ մանկապարտէզ: 1946 եւ 1993թթ.-ին կառուցուեցաւ երկու մասնաշէնք եւս: Մանկատունը կը խնամէ մինչեւ 6 տարեկան աւելի քան 120 երեխայ, որոնք ունին մտաւոր եւ ֆիզիկական շեղումներ: 6 տարեկանը լրանալուն պէս մանկատան սաները կը տեղափոխւին դեռահասներու համար նախատեսուած մանկա- տուներ՝ Խարբերդի մասնագիտացած եւ Երեւանի Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատուներ: