Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Աթէնքի մէջ Օգոստոս 2-15 տեղի կþունենայ ճատրակի մինչեւ 20 տարեկան  երիտասարդ ու պատանի մարզիկներու աշխարհի ախոյենութեան մրցաշարքը:  Շարքի 7-րդ հանգրուանին ընթացքին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սամուէլ Տէր Սահակեան հաւասարութիւն բերաւ չինացի Եիու Եանկին հետ,  որ կը գտնուի 2¬րդ դիրքին վրայ: Ս. Տէր Սահակեան ունի 5 կէտ եւ վեց երիտասարդներու հետ կը գլխաւորէ արդիւնքներու աղիւսակը: Կարէն

Գրիգորեան 5 կէտով իր յաղթանակէն ետք, կը գտնուի 13-րդ դիրքին վրայ, իսկ Վահէ Պաղտասարեան 3 կէտով՝ կը գտնուի 49-րդ դիրքին վրայ:
Աղջիկներու մրցաշարքին մասնակցող Շուշաննա Սարգսեան 2 կէտով  41-րդ դիրքին վրայ է: Մրցաշարքի բացումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի օր,  Օգոստոս 2¬ին, ժամը 11։30¬ին, Աթէնքի «Թիթանիա» պանդոկէն նէրս. մրցումները  պիտի ամբողջանան  Չորեքշաբթի 15 Օգոստոս ժամը 19։00¬ին։ Աթէնքի մէջ 3¬րդ անգամն  է որ կը կատարուի ճատրակի աշխարհի ախոյենութիւնը։
Տղոց դասակարգին կը մասնակցին 130  ճատրակիստներ 55 երկիրներէ,  իսկ աղջիկներուն 60 ճատրակիստներ 40 երկիրներէ։ Յունաստանը  ներկայացուց 30 մարզիկ՝ 22 տղայ եւ 8 աղջիկ։ Տղոց դասակարգը կը գլխաւորէ չինացի Տինք Լիրեն եւ աղջիկները  ռուսաստանցի Պոտնարուք Անաստասիա։ Յաջորդ հանգրուանին  դէմ յանդիման պիտի  գան  Շիմանով Ալեքսանտր¬Կարէն Գրիգորեան, Տէր Սահակեան Սամուէլ¬Կրանտելիուս Նիլս, Վահէ Պաղտասարեան¬ Նաում Սբիրիտոն, Լօլիսի Իսելին¬Շուշաննա Սարգսեան։
Լուսի Մովսէսեան