Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի «Խմբերգային արուեստի օրեր» ելոյթներու ծիրէն ներս, Կոմիտասի անուան Կամերային երաժշտութեան տան մէջ կայացաւ Պոլսոյ Դպրաց դասի «Վարդանանց» երգչախումբի եզրափակիչ համերգը, մեծանուն դասականներու, ու աշխարհահռչակ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններու ներկայացմամբ:


Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը, ողջունելով ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան  համերգի կազմակերպման առիթով:  Արքեպիսկոպոսը կարեւոր նկատեց «Վարդանանց» երգչախումբի մասնակցութիւնը «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին, նշելով թէ բարձր պահուած  է պոլսահայութեան պատիւը:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ուրախութեամբ նշած է թէ 40է  աւելի խումբեր ելոյթ ունեցած են համերգային շարքերէն ներս: