Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր, 8 Օգոստոսին Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որ Ռուսիա պիտի մեկնի աշխատանքային այցելութեամբ:


Հայաստանի նախագահին մամլոյ գրասենեակը  եւս  նախապէս տեղեկացուցած  էր նախատեսուող հանդիպման մասին՝ նշելով, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան այդ առնչութեամբ պիտի ընդհատէ իր արձակուրդը:
Քրեմլինի հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպման օրակարգին վրայ կը գտնուին երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող հարցեր, կը նախատեսուի քննարկել նաեւ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի համագործակցութիւնը եւրասիական համարկման հոլովոյթներուն շրջագիծին մէջ, մասնաւորաբար՝ համագործակցութիւնը ԱՊՀ-ի եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան շրջագիծերուն մէջ:
Օրակարգին վրայ կը գտնուին նաեւ միջազգային եւ շրջանային հարցերը, որոնց շարքին՝ ղարաբաղեան խնդիրը:
Ասիկա Փութին-Սարգսեան առաջին երկկողմանի հանդիպումն է Փութինի  Քրեմլին վերադառնալէն ետք: