Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի հիւսիսը գտնուող Սանահինի հինաւուրց վանական համալիրի անմխիթար վիճակի մասին խոր մտահոգութիւն հնչեցուցին երիտասարդական «Չենք լռելու» նախաձեռնութեան անդամները, ինչպէս եւ յուշարձանագէտ Սամվէլ Կարապետեանը:

Անկէ ետք փոխադարձող յայտարարութիւններու ալիք մը սկսաւ, մշակոյթի նախարարութեան, Ս. Էջմիածնի, լրագրողներու եւ մասնագէտներու միջեւ:

13 Ապրիլ 2010ին Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն կատարեց Լոռիի մարզ: Կառավարութեան պաշտօնական կայքին համաձայն, վարչապետին առաջին կանգառը եղաւ Սանահինը: «Դպրոցում անցկացուել է աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ Սանահինի վանքի վերականգնման խնդրի վերաբերեալ: Կառավարութեան ղեկավարը նշել է, որ Սանահինի վերականգնման համար անհրաժեշտ է համալիր ծրագիր: Նախատեսւում է ստեղծել յանձնաժողով, որի անդամները պէտք է լինեն պետական համապատասխան գերատեսչութիւնների ներկայացուցիչներ, Հայ առաքելական եկեղեցու հոգեւորականներ ու մասնագէտներ: Յանձնաժողովը մանրամասն կ՛ուսումնասիրի եկեղեցական համալիրի վերականգնման հարցը եւ եզրակացութիւն կը ներկայացնի վարչապետին», նշուած է Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ (http://www.gov.am/am/news/item/7854/):

Ցաւալի է, որ Խորհրդային անաստուածութեան տարիներուն, երբ խօսք անգամ չէր կրնար ըլլալ ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաձայնագիրներուն մասին, Սանահինը կը գտնուէր ՀԽՍՀ Պատմական յուշարձաններու պահպանման կոմիտէի իրական հոգածութեան տակ: Ատոր ապացոյցն են արխիւային լուսանկարները, որոնց մէջ Սանահինը կը ներկայանայ իր ամբողջ վեհութեամբ եւ առանց գմբէթի ծառերուն: