Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Սիվիլիթաս»ի կողմէ տրամադրուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ամերիկեան «Կալլուփ» հետազօտական կեդրոնը փորձած է բացայայտել, որ այս կամ այն երկիրի բնակչութիւնը ի՛նչ կը մտածէ իր գտնուած վայրերուն մէջ աշխատանք գտնելու մասին։
Ըստ հարցախոյզի արդիւնքներուն, Հայաստանի մէջ բնակչութեան 86 տոկոսին համաձայն, ներկայիս դժուար է աշխատանք գտնել իր բնակած վայրերուն

մէջ: Վրաստանի մէջ նման կարծիք  յայտնած է բնակչութեան 79, Ատրպէյճանի մէջ 70 տոկոսը: Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ մէջ բնակչութեան 61-66 տոկոսը այն կարծիքին է, թէ ներկայիս դժուար է աշխատանք գտնել իր բնակած վայրերուն մէջ։