Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի մէջ 30 Յուլիսին արդէն նկարազարդուած էր 76 կամարանցում, որոնց 60ին աշխատանքները կատարուած էին այս տարուան մէջ: Աշխատանքի ընթացքին խորհըրդակցութեան ատեն այդ մասին զեկուցած է Երեւանի գլխաւոր ձեւագծողը՝ նշելով, որ գծուած կամարանցումներուն մէջ նկատի առնուած են նաեւ ինքնաշարժներու կանգնեցումը արգիլող համապատասխան գծանշման աշխատանքներ:


Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան յանձնարարած է առաջարկ ներկայացնել բոլոր այն կամարանցումներուն առնչուած, ուր կարելի է նկարազարդում իրականացնել, եւ մինչեւ տարեվերջ աւարտին հասցնել կամարանցումներու գեղարուեստական ձեւաւորման ծրագիրը:
Վարչական շրջաններ-համատիրութիւն միացեալ ծրագիրով իրականացուող բազմաբնակարան բնակելի շէնքերու մուտքերը նորոգելու աշխատանքներուն անդրադառնալով՝ համայնքային  տնտեսութեան վարչութեան պետը յայտնած է, որ արդէն վերանորոգուած է 807 մուտք:   Զեկուցուած է նաեւ, որ որոշ համատիրութիւններ, նախատեսուած ծրագիրին կողքին, իրենց նախաձեռնութեամբ ձեռնարկած են լրացուցիչ աշխատանքներու՝ շքամուտքերու վերանորոգման առնչուող:
Նախորդ շաբաթ արդէն ընթացք առած են մայրաքաղաքի առողջապահական մաքրութեան աշխատանքները, որոնք հերթական դրութեամբ պիտի շարունակուին։ Տարօն Մարգարեան յանձնարարած է նաեւ ամէնօրեայ հսկողութիւն իրականացնել եւ կարելի եղածին չափ արագ իր աւարտին հասցնել բազմայարկ շէնքերու պատերուն եւ սիւներուն վրայ փակցուած յայտարարութիւնները մաքրելու եւ անոնց պատճաշ տեսք տալու աշխատանքները։
Ընթացքի մէջ են վերգետնեայ 7  նոր անցումներու կառուցման աշխատանքները: Շինարարութեան եւ բարեկարգման վարչութեան պետը յայտնած  է, որ զուգահեռաբար նորոգութեան աշխատանքներ կը կատարուին, անցումներուն սալայատակները աղիւսով պատելու եւ սառցակալումներու կամ ձիւնհալի ատեն անյարմար կացութիւններու դէմ յանդիման չգտնուելու համար։
Տեղեկութիւն փոխանցուած է այն մասին, որ մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցներու, այգիներու եւ պուրակներու ցայտաղբիւրներու վերանորոգման ու վերագործարկման աշխատանքներուն զուգահեռ ընթացքի մէջ են նաեւ բակային տարածքներուն մէջ գտնուող, սակայն չգործող ցայտաղբիւրներու վերանորոգութիւնը: Շարք մը ցայտաղբիւրներ արդէն վերագործարկուած են եւ յանձնուած են բնակիչներուն: