Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ.- 2 Օգոստոսին տեղի ունեցած է «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան կողմէ վերանորոգուած Երեւանի մանկական երկաթուղիի հանդիսաւոր բացումը:
Ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Վիկտոր Ռեբեց յայտնեց, որ ընկերութիւնը ստանձնած է Մանկական երկաթուղիի ենթակառուցուածքի վերանորոգութիւնը՝ մեկնելով մանուկներուն շահերէն եւ յօգուտ անոնց, նոյնիսկ անտեսելով այն հանգամանքը, որ անիկա վաղուց չի հանդիսանար

հայկական երկաթուղիին մէկ մասը։ «Մանկական երկաթուղիի կառուցումը 75 տարի առաջ ցուցադրեց անոր կարեւորութիւնը քաղաքին համար, եւ այսօր մենք կը փորձենք նոր կեանք տալ այս այգիին», նշեց տնօրէնը:
Վիկտոր Ռեբեց ընդգծեց, որ իրենց կողմէ իրականացուած շարժակազմի եւ գիծերու վերանորոգութիւնը կը հանդիսանայ այգիին վերակառուցման ընդհանուր ծրագիրին միայն առաջին մասը: Երկրորդ հանգրուանով կը նախատեսուի ստեղծել Պատանի երկաթուղայինի դպրոց, ուր մանուկները պիտի ծանօթանան երկաթուղային մասնագիտութիւններուն առանձնայատկութիւններուն, երկաթուղիի ընդհանուր գործունէութեան:
Մանկական երկաթուղիի վերանորոգութիւնը կը հանդիսանայ քաղաքային ենթակառուցուածքի զարգազման խթանման ուղղութիւններէն մէկը, որ կ՛ընթանայ 2011 թուականին ընկերութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանին միջեւ ստորագրուած ընկերային-տնտեսական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրի ծիրին մէջ:
Վերակառուցման ծրագիրով «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան  մասնագէտները կատարած են կայարաններու վերանորոգութեան եւ արդիականացման աշխատանքներ, վերանորոգած են Մանկական երկաթուղիին մէջ օգտագործուող շոգեքարշն ու ջերմաքարշը, ամառնային 3 վակոնները: Նաեւ տեղի ունեցած է երկաթուղիի 1.2 քիլոմեթր գիծերու վերանորոգութիւն, շրջակայքի բարեկարգում:
Երեւանի մանկական երկաթուղին բացուած է 9 Յունիս 1937 թուականին: Երկաթուղիին մէջ կը գործէ 2 կայարան (Հայրենիք եւ Պիոներական), 1 կառամատոյց (Ուրախութիւն) եւ 45 մեթր երկարութիւն ունեցող մէկ փապուղի։