Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան այցելեց «Ասպետ» ճամբար, ուր իրենց ամառնային հանգիստը կ՛անցընեն սփիւռքահայ 200 պատանիներ, որոնցմէ 21-ը սուրիահայեր են:
Արցախի «Ապառաժ» պարբերականը կը հաղորդէ, որ վարչապետը հետաքրքրուեցաւ սուրիահայ պատանիներու ճամբարային առօրեային մասին՝ նշելով, որ Արցախը միշտ պատրաստ է ընդունելու Սուրիոյ մեր հայրենակիցները:
«Մենք պատրաստ ենք Սուրիայէն եկած մեր հայրենակիցներուն կարելիութիւն տալու ձրի ուսանելու Արցախի մէջ, ապահովուելու նաեւ կեցութեան պայմաններով: Մենք պատերազմէ անցած ենք եւ գիտենք, թէ ինչքան դժուար է ապրիլ նման պատերազմական իրավիճակի մէջ», նշեց վարչապետ Արա Յարութիւնեան:
Յարութիւնեան սուրիահայ պատանիներուն Արցախի մասին յիշեցնող ձեռքի ժամացոյցներ նուիրեց:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետին ուղեկցեցան նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Վլադիկ Խաչատրեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: