«Սուրիոյ մէջ իրավիճակը սրուած է աւելի շատ քաղաքական առումով եւ որեւէ սուր յայտարարութիւն սուրիահայութեան կամ Հայաստանի կողմէ կրնայ վտանգել նոյն սուրիահայերու անվտանգութիւնը» լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նման կարծիք յայտնեց Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանը:
Ըստ Սաֆրաստեանի՝ երբ սուրիահայերը չեն փափաքիր, որ իրենց խնդիրներու մասին շատ խօսուի, ունին իրենց պատճառները:
«Այս օրերին լրատուամիջոցները պէտք է զերծ մնան կտրուկ յայտարարութիւններից: Ռազմական գործողութիւնները Հալէպում դեռ եւս այնպէս չեն ծաւալւում, որ վնասեն հայկական թաղամասերը: Մեր հայրենակիցները մինչեւ վերջ կը փորձեն մնալ Սիրիայում ու իրենց տներում: Նրանց մտավախութիւնը մեծ է, որ կը կորցնեն տարիների իրենց կուտակածը»:
Հարցին, թէ այս խնդրի մէջ Հայաստան ո՞ր դիրքերէն պէտք է հանդէս գայ, ան նշեց, որ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն ան խաղաղութեան հաստատման մէջ պէտք է ունենայ իր լուման: «Բայց հասկանում ենք, որ Հայաստանը շատ փոքրիկ երկիր է՝ իր դերակատարութիւնը ունենալու համար: Մենք, ամենակարեւորը, պէտք է զգուշաւորութիւն ցուցաբերենք» ըսած է ան: