Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԱՄՆ Սթէյթ Տիփարթմընթ կը հաստատէ

Յուլիս 31-ին ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ տեղադրուած զեկոյցը անդրադարձ կը կատարէր աշխարհի մէջ ահաբեկչութեան մակարդակներուն:


Armtoday.info  կը յայտնէ թէ Հայաստանի վերաբերեալ ԱՄՆ փորձագէտները դրական ձեւով արտայայտուած են նշելով. «Անցած տարի Հայաստանը բարելաւած է անվըտանգութիւնը սահմանային գօտիին վրայ: Հայաստան համագործակցած է ՆԱԹՕ-ի եւ այլ կազմակերպութիւններու հետ՝ արտակարգ իրավիճակներու շուրջօրեայ վերահսկման կեդրոնի ստեղծման գործին մէջ, որը ահաբեկչական գործողութիւններու ժամանակ պէտք է ազդու կերպով աշխատի»:
Զեկոյցի հեղինակները դրական գնահատական հնչեցուցած են նաեւ Հայաստան-Վրաստան սահմանին վրայ ինքնաշարժները ստուգող նորագոյն արհեստագիտութեան  հաստատման գծով:
Նշուած է նաեւ թէ ահաբեկչական խմբաւորումներու որեւէ հովանաւորութիւն չկայ: