ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- «Այսօր Ատրպէյճան կը ներկայացնէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման կապակցութեամբ իրական առաջարկութիւններ, եւ այդ ուղղութեամբ մեծ ջանքեր կը գործադրէ, իսկ Հայաստանը՝ հակառակ դիրքորոշում կը ցուցադրէ եւ կը շարունակէ սադրանքներ կազմակերպել:
Բնականաբար, այստեղ առկայ է նաեւ երրորդ ուժի ազդեցութիւնը, որ Հայաստանին իբրեւ գործիք օգտագործելու նպատակ կը հետապնդէ», Երկուշաբթի, Յուլիս 23ին յայտնեց Ատրպէյճանի իշխող «Ենի Ատրպէյճան» կուսակցութեան գործադիր քարտուղարի տեղակալ եւ երեսփոխան Մուպարիզ Կուրպանլըն:
Ըստ անոր, հայկական կողմը բանակցութիւններու ընթացքը խոչընդոտելու նպատակով, պարբերաբար կը կազմակերպէ սադրանքներ, որոնցմէ մէկը նկատեց Ստեփանակերտի օդակայանին կառուցումը, որ, ըստ անոր՝ հարուած մըն է բանակութեանց գործընթացին:
«Ի՞նչ օդակայան կարելի է կառուցել բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ: Ի՞նչ է անոր նպատակը, երբ զայն օգտագործող իսկ չկայ: Հայ ժողովուրդի տնտեսական հնարաւորութիւնը թոյլ չի տար, որ օդակայանը գործէ», եզրակացուց ան: