Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» մանկական երգչախումբի եզակի համերգային շրջագայութիւնը կը շարունակուի Ճափոնի մէջ:

40օրեայ շրջագայութեան ընթացքին երգչախումբը ելոյթներ ունեցած է եւ պիտի շարունակէ ունենալ Ճափոնի 18 քաղաքներու մէջ՝ ներկայացնելով հայ եւ համաշխարհային երգարուեստի գոհարներ: Երգչախումբը Ճափոնի մէջ համերգային լայնածիր շրջագայութեան հրաւէրը ստացած է ճափոնական նշանաւոր «Մին Օն» կազմակերպութենէն, որ Ճափոնի մէջ տարեկան 1000է աւելի համերգներ կը կազմակերպէ. անոնց մէկ երրորդը աշխարհի տարբեր երկիրներէ հրաւիրուած խումբեր  եւ մենակատարներ են:
Խումբի գեղարուեստական ղեկավար Տիգրան Հեքեքեան յայտնած է, որ  կազմակերպութիւնը կ՛առաջնորդուի յստակ սկզբունքով. հրաւիրուած խումբերն ու երաժիշտները, բացի համապատասխան համբաւէն եւ ճանաչումէն, պէտք է դասակարգային առումով աւելի բարձր ըլլան, քան նմանատիպ ճափոնական խումբերը: «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ»ու  այս շրջագայութիւնը իր տարողութեամբ, իմաստով եւ կազմակերպուածութեան բարձր մակար- դակով կրնայ բաղդատուիլ 1995ին Եւրոպայի քանի մը երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու 20 նահանգներու մէջ երգչախումբին ունեցած 50օրեայ յաղթարշաւին հետ:
Աշխարհահռչակ երաժշտախումբը արդէն իսկ ելոյթներ ունեցած է Եամակաթայ, Եոկոհամա, Սանօ, Տոչիքի, Քիթաքիւսիւ, Մարուքամէ քաղաքներու ամէնէն հսկայական՝ 1400-2000 աթոռ ունեցող համերգասրահներուն մէջ:  Անոնք նոյնիսկ այցելած են աղէտի ենթարկուած Քիւսիւ կղզին եւ երգած են ջրհեղեղէն վնասներ կրած ճափոնցի ընտանիքներուն համար։
Շրջագայութիւնը նուիրուած է հայ-ճափոնական դիւանագիտական յարաբերութիւններու 20ամեակին եւ հայ տպագրութեան 500ամեակին: