Ինչպէս վերջերս յայտարարուեցաւ, աշխարհահռչակ Deep Purple ռոք խումբի երգիչ Եան Կիլանի եւ «Պլաք Սապաթ»ի երգիչ Թոնի Այոմի միասնաբար ստեղծած Who cares խումբը ձայնապնակ մը պիտի հրապարակէ ի նպաստ Գիւմրիի երաժշտական դպրոցին:
Ձայնապնակին մէջ ներառնուած պիտի ըլլան իրենց երկու երգերը՝ «Աութ օհ մայ մայնտ»ը եւ «Հոլի վոթըր»ը, Տիփ Փըրփըլի «Տիք փիմփըլ» եւ Թոնի Այումիի ձայնագրութիւններ:
Նշենք, որ Մայիսին Երեւանի մէջ կայացած էր «Աութ որ մայ մայնտ» երգի տեսահոլովակին շնորհանդէսը:
Who cares ռոք խումբը ձեւաւորուած է 2011ին Եան Կիլանի եւ Թոնի Այոմիի նախաձեռնութեամբ, որոնք իրենց շուրջ համախմբեցին պաս կիթառ նուագող Ճէյսըն Նիքուսթիտին, ստեղնահար Ճոն Լորտը եւ հարուածահար Նիքօ Մաք Պրայնը:
Who cares խումբը ստեղծուեցաւ Գիւմրիի թիւ 6 երաժշտական դպրոցին վերականգնման աշխատանքներուն համար դրամական միջոցներ հանգանակելու նպատակով: Դպրոցը փլած էր 7 Դեկտեմբեր 1988ին տեղի ունեցած Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժին ժամանակ, իսկ խումբին ստեղծման մտայղացումը յառաջացած է այն ժամանակ, երբ Եան Կիլան եւ Թոնի Այոմի 2012ին այցելած են Հայաստան: