Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայերը յետ այսու կարելիութիւն պիտի ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու պարագային իրենց անցագիրները ստանձնելու իրենց երկիրներուն մէջ գործող Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն։ Այս նպատակով 26 Յուլիսին Հայաստանի կառավարութիւնը իր նախկին որոշումներէն մէկուն մէջ փոփոխութիւններ կատարեց:


Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի համաձայն, օրէնսդրութեան համապատասխան, Հայաստանի անցագիրները քաղաքացիները պէտք է ստանան միայն Հայաստանի ոստիկանութեան վիզաներու եւ անձնագրային վարչութենէն: «Այնուհանդերձ, նախագծով կը թոյլատրուի, որպէսզի առանձին դէպքերում անձնագրերը քաղաքացիներին տրուեն օտարերկրեայ պետութիւններում գործող Հայաստանի դիւանագիտական հիմնարկներում եւ հիւպատոսարաններում», դիտել տուաւ Յակոբեան: Նախարարին համաձայն, ներկայիս հազարաւոր սփիւռքահայեր դիմած են՝ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու խնդրանքով:

Այս տարի տպագրուած է Հայաստանի քաղաքացիի 213 հազարէ աւելի անձնագիր

2012 թուականի Յունուար 1-էն մինչեւ Յուլիս 12-ը ներառեալ տպագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի 213 հազար 672 անձնագիր՝ առաջին անգամ անձնագրաւորուելու, փոխանակելու կամ կորստեան մատնուած ըլլալու պատճառներով։
Ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան տրամադրած տուեալներուն համաձայն, վերջին 10 օրուայ ընթացքին տպագրուած է շուրջ 24 հազար անձնագիր:
Անձնագրային եւ վիզաներու  վարչութիւնը կը նշէ, որ անցած տարուայ նոյն ժամանակահատուածին մէջ տպագրուած է Հայաստանի քաղաքացիի 182 հազար 208 անձնագիր:
Նոյն աղբիւրի փոխանցմամբ՝ 2012 թուականի Յունիս 1-էն «Նոյնականացման քարտերի մասին» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացու անձնագրի մասին» օրէնքներու ուժի մէջ մտնելու պահէն մինչեւ Յուլիս 9-ը ընկած ժամանակահատուածը նոյնականացման քարտ ստանալու համար 726 մուտքա- գրուած է, իսկ կենսաչափական տուեալներ պարունակող անձնագիր ստանալու համար՝ 445 դիմում:

Ինչպէ՞ս Դառնալ Հայաստանի Քաղաքացի

Հայաստանի մէջ երկքաղաքացիութեան օրէնքը ընդուն- ւելէն առ այսօր, որոշ փոփոխութիւններ մտցուած են Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան ձեռքբերման ընթացակարգին մէջ։ Նախապէս կը պահանջուէր ՀՀ Սահմանադրութեան իմացութիւն, բժշկական թուղթ, չդատուածութեան հաստատագիր եւ այլն։
Այսօր Հայաստանի քաղաքացի կրնայ դառնալ ան, որ կրնայ բացատրուիլ հայերէն լեզուով, ծագումով հայ է, այսինքն ունի հայ նախնիներ։
Անհրաժեշտ փաստաթուղթերն են.
- Դիմում ուղղուած ՀՀ նախագահին
- Ինքնակենսագրութիւն (դեսպանատան ձեւի տեսքով)
- Ծննդեան վկայագիրը եւ անձնագիրը իրենց պատճէններով
- 35x45մմ չափով 6 լուսանկար
- Հայկական ծագումը հաստատող փաստաթուղթ (մկրտութեան թուղթ)
Դիմումը վաւերացուելէն ետք ( մէկ տարուան ընթացքին) ենթական անձնագիրը պէտք է ստանայ Հայաստանի հանրապետութենէն։ Նախապէս ընդունուած դիմումին համաձայն՝ անձնագիրը պէտք էր ստանալ 30 օրուան ընթացքին, այժմ այդ ժամանակը անսահմանափակ է՝ այսինքն, դիմումը վաւերացուելէն ետք ենթական ի՛նք կÿորոշէ թէ երբ պիտի ստանայ իր անձնագիրը։

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան իրաւաբանական բաժնէն տեղեկացուցին, որ 2011-ին 14.276 հայ դիմում կատարած է՝ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար։ Ամենամեծ թիւը կը կազմեն Վրաստանի քաղաքացիները ( 7021 քաղաքացի), այնուհետեւ Սուրիա (2983), Լիբանան (2014), Ռուսիա (965), Իրան (489)։