Ստորջրեայ հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի սուզակները
կ'ուսումնասիրեն ջուրի յատակը
Գլոտ Թուլումճեան ըսաւ, թէ իրենց նպատակներէն մէկն է նմոյշ մը առնել յայտնաբերուած նաւակէն
Ստորջրեայ հետազօտութիւններու եւ սուզումներու հայկական կեդրոնի սուզակները 10-21 Յուլիսի միջեւ հնագիտական աշխատանքներ կատարեցին Սեւանայ լիճին մէջ։
«Արմէնփրէս»ին նիւթին շուրջ բացատրութիւններ տուաւ կեդրոնի նախագահ Գլոտ Թուլումճեան, որ նշեց, թէ Սեւանայ լիճին մէջ ունին իրականացնելիք քանի մը առաքելութիւն, որոնցմէ մէկը նմուշ առնելն է հոն յայտնաբերուած նաւակէն։
«Վահէ Մելքոնեանի յայտնաբերած նաւակը փայտէ է, ունի 1.5-2 մեթր լայնութիւն եւ 8 մեթր երկարութիւն ու կը գտնուի 15 մեթր խորութեան վրայ», ըսաւ ան։
Թուլումճեանի խօսքով, նաւակի մօտ կան նաեւ մարդկային ոսկորներ եւ սուզակներու գործն է նաւակէն հատուած մը եւ քանի մը այլ նմուշներ յանձնել գիտնականներուն, հետազօտութեան համար։ «Լիճի մէջ յայտնաբերուած նաւակը կոտրուած է, պէտք է նաեւ վերականգնենք՝ ցոյց տալու համար, թէ ինչպէս էր այն խորտակուելէ առաջ եւ յետոյ։ Նաւակը բոլոր կողմերէն պիտի նկարահանենք ալ», ըսաւ ան։
Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի տնօրէն Փաւէլ Աւետիսեանի խօսքով, սուզակներու բերած նմուշը անհրաժեշտ է նախ թուագրելու եւ պատշաճօրէն դասաւորելու համար։ «Եթէ նաւակը նոր չէ խորտակուած, այլ քանի մը տասնեակ, հարիւրաւոր տարիներու հնութիւն ունի, ապա կը դիմենք մշակոյթի նախարարութեան՝ զայն պա- հելու եւ պահպանելու համար», ըսաւ ան։ Աւետիսեան հաւանական չհամարեց նա- ւակը լիճէն դուրս բերել մօտ ժամանակներս, քանի որ սուզակները դեռ պէտք է մաքրեն զայն ժամանակակից ցանցերէ։
Սուզակները Սեւանայ լիճին մէջ երկրաբանական, հնէաբանական, ձկնոր- սական հետազօտութիւններու հետ կապուած նմուշներ ալ պէտք է ձեռք բերեն։ Գլոտ Թուլումճեանի խօսքով, պիտի հետազօտուի նաեւ Սեւանայ լիճով անցնող սիսմիք սահմանը՝ 15-20 քիլոմեթրնոց ճեղքը՝ հողի նմուշներ առնելու համար։
Թուլումճեան նշեց նաեւ, որ երեք տարի առաջ գիտնականները Սեւանայ լիճի յատակէն դեռ նկարներ չունէին եւ իրենց խումբը առաջին անգամ յայտնագործութիւններ կատարեց եւ զանոնք նկարեց։
«Մեր հետազօտութիւններու ընթացքին պարզեցինք նաեւ, որ Սեւանի յատակին մեծ քանակութեամբ խեցգետին կայ եւ անոնք անհաւասարաչափ բաշխուած են։ Սեւանի մէջ շատ բան կայ ընելու», ըսաւ Թուլումճեան։