Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Արմաւիա» ընկերութիւնը յայտարարած է, թէ ընկերութիւնը պատրաստ է բանալ շաբաթը երկրորդ թռիչք մը դէպի Սուրիա, իսկ անոր տոմսերը գրեթէ անվճար պիտի ըլլան:


«Արմաւիա»-ի մամուլի ծառայութենէն Tert.am-ին տեղեկացուցին, որ այս պահուն ընկերութիւնը կը բանակցի ՀՀ Կառավարութեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան հետ  եւ համապատասխան աջակցութեան պարագային տուեալ թռիչքի իրականացումը պիտի չուշանայ:
Ընկերութենէն կը յայտնեն, որ այդ պարագային տոմսերը պիտի դառնան գրեթէ անվճար, ինչպէս տարիներ առաջ Լիբանանեան դէպքերուն ժամանակ:
Նշենք, որ վերջին շրջանին բացասական ալիք բարձրացած է «Արմաւիա» ընկերութեան շուրջ, քանի որ ան այս տարուան Մարտին դադրեցուած Երեւան-Հալէպ-Երեւան թռիչքը Յուլիսի սկիզբը վերականգնելէ ետք՝ սղցուցած էր տոմսերուն գինը:
Ընկերութիւնը այժմ կ'իրականացնէ շաբաթը մէկ թռիչք, մինչդեռ պահանջարկը ակնյայտօրէն աւելի մեծ է: Հալէպ-Երեւան-Հալէպ թռիչքը իրականացնող «Սուրիական թռիչքուղիներ»ը մինչեւ Սեպտեմբեր վաճառած է իր բոլոր տոմսերը:
Քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու խումբ մը ակտիվիստներ բողոքի ցոյց իրականացուցին Նալպանտեան փողոցին վրայ գտնուող «Արմաւիա» ընկերութեան կեդրոնական գրասենեակին առջեւ: Անոնք կը բողոքէին «Արմաւիա»-ի կողմէ Հալէպ-Երեւան, Երեւան-Հալէպ տոմսերը սղցնելու դէմ: Ցոյցի մասնակիցներէն Նուարդ Մանասեան յայտարարած էր, որ «Արմաւիա»ն չի կրնար կոչուիլ ազգային փոխադրամիջոց,  քանի որ հայերուս համար այս կարեւոր պահուն հակազգային քայլ կը կատարէ անհամեմատօրէն սուղ գիներ պահելով:
Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ արդէն մէկ տարիէն աւելի ընթացող բախումներու թիրախին մէջ յայտնուած է հայաշատ Հալէպ քաղաքը: Տեղեկութիւններ կան, որ սուրիացի ընդդիմադիր զինեալները արդէն վերահսկողութեան տակ վերցուցած են քաղաքի կէսէն աւելին, սակայն հայկական թաղամասերու մէջ համեմատաբար հանգիստ է: