Հայաստանի կառավարութիւնը երէկ փոփոխութիւններ կատարած է իր նախկին որոշումին մէջ, որուն համաձայն, սուրիահայերը եւ լիբանանահայերը այսուհետեւ պիտի կարենան Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիրեր ստանալ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մէջ: Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ ըստ գործող օրէնսդրութեան, օտարերկրեայ քաղաքացիները պէտք է առաջին անգամ անձնագիրը ստանային Հայաստանի ոստիկանութեան անձնագիրերու եւ այցեգիրերու բաժանմունքին մէջ: Ըստ փոփոխութեան, թոյլ պիտի տրուի, առանձին պարագաներու, անձնագիրերը յանձնել այլ երկիրներու մէջ գտնուող Հայաստանի հիւպատոսութիւններուն եւ դեսպանատուներուն մէջ: «Այդ պարագային Սուրիոյ եւ Լիբանանի քաղաքացիները այսուհետեւ կրնան անձնագիրեր ստանալ Հայաստանի դեսպանատուներուն մէջ», յայտնեց ան:
Հ. Յակոբեան ընդգծեց, որ հազարաւոր սուրիահայեր եւ լիբանանահայեր արդէն կը դիմեն անձնագիրեր ստանալու համար եւ այս փոփոխութիւնը պիտի դիւրացնէ այդ գործընթացը: