ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան (ԿԳՆ) եւ Երեւանի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն, զոր վարած է ՀՀ ԿԳ նախարար Արմէն Աշոտեան:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու կրթութեան կազմակերպման խնդիրները:
ԿԳ նախարարը ըսած է. «Պետութիւնը պարտաւոր է ստեղծել բոլոր հնարաւորութիւնները եւ լծակները՝ կրթութեան տարբեր աստիճաններում վերջիններիս համապատասխան կրթական ծառայութիւններ առաջարկելու համար: Հասարակութիւնը եւս պետական մարմիններից ակնկալում է յատուկ պայմաններ եւ մօտեցումներ, մասնաւորապէս, գործընթացն անհարկի չբիւրոկրատացնելու եւ մեր հայրենակիցների համար աւելորդ խոչընդոտներ չստեղծելու, ինչպէս նաեւ սիրիահայերին մեր հասարակութեանն ինտեգրելու (ընդելուզելու) տեսանկիւնից»:
Անդրադառնալով հանրակրթութեան ոլորտին մէջ սուրիահայ երեխաներու կրթութեան հնարաւորութեան՝ Արմէն Աշոտեան ընդգծած է, որ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հետ ձեռք բերուած է համաձայնութիւն՝ նշուած հարցով միանման քաղաքականութիւն իրականացնելու վերաբերեալ: Ան ըսած է, որ հիմնական դպրոցներու մէջ՝ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ՝ որոշ հարցեր իրենց լուծումը գտած են՝ համապատասխան դպրոցներու ընտրութեան, խտացած դասերու կազմակերպման, ինչպէս նաեւ անհատական մօտեցման ծիրին մէջ: