Մեծն Բրիտանիոյ թագուհի Եղիսաբեթի կողմէ անցեալ Ուրբաթ գիշեր բացումը կատարուեցաւ Լոնտոնի ամառնային 30-րդ Ողիմպիական խաղերուն:
Ողիմպիական կրակը վառեցին բրիտանացի եօթ երիտասարդ մարզիկներ, երեք ժամ տեւած գեղարուեստական յայտագրի աւարտին:
Աշխարհի մօտ 80 երկիրներու առաջնորդներ ներկայ եղան Ողիմպիականի բացման արարողութեան, որոնց կարգին նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
204 երկիրներ ներկայացնող մօտ 10.500 մարզիկներ մինչեւ Օգոստոս 12 պիտի մրցին 302 ոսկի մետալներու տիրանալու համար:
Հայաստանի մարզիկները արդէն սկսած են իրենց ելոյթներուն:
Ուրբաթ, 27 Յուլիսին, պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցան 2012-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը։ Երեք ժամ տեւած գեղարուեստական յայտագիրին կիրարկուեցան տարբեր տեսակի պարեր, երգեր, եւ այլն, որոնք խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին հանդիսատեսներուն մօտ: Պաշտօնական բացման հանդիսութեան ներկայ էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, այլ երկիրներու նախագահներ, վարչապետներ եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներ:
Ալպերթ Ազարեանին չեն թոյլատրած կրել Հայաստանի դրօշը
Տողանցին մասնակցեցան բոլոր երկիրներու մարզիկները, որոնց կարգին՝ Հայաստանի պատուիրակութիւնը, առաջնորդութեամբ թեքուանտոյիստ Արման Երեմեանի, որ բռնած էր Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը:
Լոնտոնի 30-րդ Ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչները չեն թոյլատրած անուանի խորհրդային մարմնամարզիկ, եռակի ողիմպիական ախոյեան, աշխարհի քառակի ախոյեան, Եւրոպայի երկակի ախոյեան, ԽՍՀՄ 11-անգամեայ ախոյեան 83-ամեայ Ալպերթ Ազարեանին կրել Հայաստանի դրօշը, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր: Ինչպէս կը հաղորդէ NovostiNK-ը, իրենց որոշումը կազմակերպիչները հիմնաւորեցին մարզիկի տարիքով:
Յիշեցնենք, որ Ալպերթ Ազարեանը հայկական հաւաքականի դրօշը կրած էր 2008թ. Ողիմպիական խաղերու բացման Փեքինի մէջ, ուր Հայաստանը 6 պրոնժէ մետալ նուաճած էր:
Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանը տօնական նախաձեռնութիւններ ստանձնեց
Երեւանի «Սիրահարներու այգիին» մէջ տեղադրուած էր հսկայական պաստառ մը, ուր մարզասէր հասարակութիւնը համախմբուեցաւ մրցումներու բացման արարողութեան հետեւելու համար:
Անոնց կողքին գտնուեցաւ Հայաստանի մօտ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ճոնաթան Ճէյմսը: Ան յոյս յայտնեց, որ Լոնտոնի մէջ ընթացող մարզախաղերուն հայ մարզիկները յաջողութիւններու կը հասնին: Դեսպանը մաղթեց որ Լոնտոնի մէջ Հա-յաստանի հաւաքականի մետալները գերազանցեն նախորդ ողիմպիականներու ընթացքին ստացուած մետալներու թիւին:
Յաջորդ օր, դեսպան Ճէյմս այցելեց Երեւանի Էրեբունի ծննդատունը, ուր Ողիմպիական յուշանուէրներ բաժնեց Ողիմպիական մրցումներու բացման օրը ծնած բոլոր մանուկներուն:
Մարզիկներու ելոյթները Լոնտոնի մէջ
Հայաստանի հաւաքականի անդամ, 60 կգ քաշային ճիւտոիստ Յովհաննէս Դաւթեանը առաջին օրը երկու յաղթանակ տօնեց՝ դուրս գալով քառորդ եզրափակիչ: Հայաստանցի մարզիկը սկիզբը յաղթեց Ատրպէյճանը ներկայացնող մարզիկին, ապա առաւելութեան հասավ ղազախ ճիւտոիստի նկատմամբ: Այդուհանդերձ, Դաւթեանը չկարողացաւ ողիմպիական մետալ նուաճել, քանի որ պրոնզի համար պայքարին զիջեցաւ ֆրանսացի մարզիկին:
Armsport.am կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ գիւմրեցի ծանրամարտիկ Տիգրան Մարտիրոսեանը մարզումներուն ընթացքին ստացուած մէջքի լուրջ վնասուածքի պատճառով չկարողացաւ մասնակցիլ Ողիմպիական իր մրցումին: Ան պիտի վերադառնայ Հայաստան:
Արսէն Գալստեան մետալի տիրացաւ
Ռուսաստանի հաւաքականի հայ մարզիկ Արսէն Գալստեան մրցումներու առաջին օրը հանդէս գալով ճիւտօ մարզաձեւին մէջ, ոսկի մետալի տիրացաւ 60 քիլօ քաշային կարգի դասաւորման մէջ: