ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պահակութիւն ընող գունդին մէջ առանձնացուած է ոստիկանութեան յատուկ (4րդ) գումարտակ, որ պիտի հսկէ Երեւանի փողոցներուն մէջ: Ասիկա ոստիկանութեան արտաքին ծառայութիւնն է, որ անմիջականօրէն կապի մէջ կը մտնէ քաղաքացիներուն եւ հիւրերուն հետ։ Այլ խօսքով, անոնք ոստիկանութեան պատկերը կը մարմնաւորեն։
Այդ գումարտակի ոստիկաններուն համար ճշդուած են խիստ պայմաններ ու պահանջներ։ Ծառայողներուն ընտրութիւնը կը կատարուի նկատի ունենալով ոչ միայն անոնց ֆիզիքական եւ բարոյահոգեբանական յատկանիշները, այլ նաեւ առնուազն մէկ կամ երկու օտար լեզուի գիտնալը, բժշկական հիմնական օգնութիւն ցուցաբերելու կարողութիւնը, բոլոր պարագաներուն դաժան, կամայական եւ խտրականութենէ մեկնած դրսեւրումները բացառելու, հասարակական կարգի պահպանման հարցերով լրատուամիջոցներուն հետ կապ հաստատելու, բանակցութիւններ վարելու կարողութիւնները:
Սակայն գումարտակի ոստիկաններուն աշխատավարձը բարձր չէ, ուստի Հայաստանի ոստիկանութիւնը առաջարկած է կառավարութեան՝ անոնց աշխատավարձի 60 տոկոսի յաւելում սահմանել: Հարցը ներառուած է Հայաստանի կառավարութեան 26 Յուլիսի նիստի օրակարգին մէջ։ Աշխատավարձերը պիտի փոխուին հետեւեալ կերպով.
Գումարտակի հրամանատարը (ոստիկանութեան գնդապետ, 20 տարուան ծառայող) ներկայի 190 հազար դրամի ($450) փոխարէն պիտի ստանայ 305 հազար դրամ ($750):
Դասակի հրամանատարը (ոստիկանապետ, 15 տարուան ծառայող) 145 հազար դրամի ($350) փոխարէն պիտի ստանայ 232 հազ. դրամ ($550):
Աւագ ոստիկանը (ոստիկանութեան ենթասպայ, 10 տարիէ ի վեր աշխատանքի մէջ եղող)՝ 113.5 հազար դրամի ($275) փոխարէն պիտի ստանայ 181.5 հազար դրամ ($450):