Հոգեբան Աննա Բադալեանի խօսքով, աւելի կարեւոր է ոչ թէ ֆիզիկական տարիքը, այլ հասունութեան աստիճանը: Ան կ'ըսէ, որ իր աշխատանքային փորձի ընթացքին հանդիպած է 40 տարեկան անձերու անգամ, որոնք հոգեբանօրէն պատրաստ չեն ամուսնական կեանքի:
Հիմնականօրէն պզտիկ տարիքի մէջ եղած ամուսնութիւնները կը վերջանան ամուսնալուծութեամբ, որը կանխելու համար հոգեբանը խորհուրդ կուտայ
չշտապել. - «Ամուսնութեան համար ամենագերադասելի տարիքը 24-25ն է: Այդ տարիքի անձինք ունենում կեանքի անհրաժեշտ փորձ, ինչը կարեւոր է ամուսնական կեանքի համար: Մեծ դեր են խաղում նաեւ տուեալ անձի ընտանիքը եւ շրջապատը»:
Եթէ ժամանակին հայկական նահապետական ընտանիքի մոտելն էր իտէալական, ապա հիմա այն չի գործեր: Փոխուած են ժամանակները, որը իր հետ բերած է ընտանիքի մոտելի փոփոխութիւն:
Վերջին տարիներուն 17 տարեկան աղջիկներու միջեւ տարեկան միջինը 100 ամուսնութիւն կը գրանցուի: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժնի պետ Կարինէ Գույումճեանի խօսքով, վերջին տարիներուն պզտիկ տարիքին ամուսնութիւնները շատ հազուադէպ են: Այս տուեալները կը վերաբերին միայն գրանցուած ամուսնութիւններու, շատ են նաեւ դէպքերը, երբ զոյգերը կþամուսնանան առանց գրանցումի:
Չնայած այսպիսի դէպքերը, գինեկոլոգ Շուշանիկ Գրիգորեանի կարծիքով, աղջիկներու համար ամուսնական տարիքը 18-ով փոխարինելը ճիշդ քայլ էր: Ըստ անոր պզտիկ տարիքի մէջ ամուսնանալը, սխալ է նաեւ ֆիզիքական տեսանկիւնէն, քանի որ այդ տարիքին աղջիկը դեռ պատրաստ չէ մայր ըլլալու:
Աննա Բադալեանի կարծիքով, ամուսնանալ կարելի է 20 տարեկանը լրանալէն ետք միայն: Հոգեբանը կը պնդէ, որ ընտանիքի ամրութեան կը նպաստեն նաեւ նախաամուսնական սեռական յարաբերութիւնները: Ան խորհուրդ կուտայ մինչեւ ամուսնանալը լաւ մտածել եւ գիտակցիլ, թէ ինչ քայլի կը դիմեն:
«Ազատութիւն»