Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յուլիս 24-ին Փարիզ այցելեց ՀՀ արտաքին գործոց նախարար  Էդուարդ Նալբանդեանը, ուր հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Լորան Ֆապիւսի հետ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ արտերկրի մէջ ֆրանսացիներու հարցերու նախարար Էլէն Կոնվայ-Մուրետը:


Լորան Ֆապիւս ողջունելով Հայաստանի նախարարի ներկայութիւնը, ըսաւ որ այս հանդիպումը լաւ առիթ է ամփոփելու երկկողմ յարաբերութիւններու ձեռքբերումները եւ նոր ազդակ հաղորդելու հայ-ֆրանսական համագործակցութեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Էդուարդ Նալբանդեանը նշեց, որ Ֆրանսան եւ  Հայաստանը ունին առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ, որոնք խարսխուած են աւանդական բարեկամութեան վրայ: Ան աւելցուց, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու քսանամեայ պատմութեան ընթացքին փոխ յարաբերութիւնները վերընթաց զարգացում ապրած են:
«Երկու երկիրներու  միջեւ այսօր առկայ է բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն, ձեւաւորուած է լայն իրաւապայմանագրային դաշտ, միջ-խորհրդարանական, ապակեդրոնացուած աշխուժացած  կապեր, ֆրանսական ընկերութիւններու  ներդրումները Հայաստանի տնտեսութիւնում ծաւալով երկրորդն են՝ գործում է ֆրանսական կապիտալի մասնակցութեամբ 160 ընկերութիւն դրամատնային հեռահաղորդակցութեան, ագրոարդիւնաբերութեան եւ այլ բնագաւառներում: Ակտիվ համագործակցութիւն է ընթանում մշակութային եւ ‘ գիտակրթական ոլորտներում», - ընդգծեց Էդուարդ Նալբանդեանը:
Հայաստանի  եւ  Ֆրանսայի արտաքին գործոց  նախարարները անդրադարձան տարբեր բնագաւառներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան հետագայ զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն: Զրուցակիցները քննարկեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող խընդիրներ: Այս ծիրէն ներս  նախարարները գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ մի շարք միջազգային հարցերու վերաբերեալ Հայաստանի եւ  Ֆրանսայի դիրքորոշումները կը համընկնին:
Էդուարդ Նալբանդեան եւ Լորան Ֆապիւս միտքեր փոխանակեցին միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ  հայ-ֆրանսական համագործակցութեան շուրջ:
Նախարարները քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները եւ այդ շըրջանակներէն ներս  իրականացուող ծրագրերը: Էդւարդ Նալբանդեանը ներկայացուց Ասոցացման համաձայնագրի, մուտքի արտօնագրային համակարգի  դիւրացման շուրջ ընթացող բանակցութիւններու մէջ  արձանագրուած առաջընթացը, ինչպէս եւ  համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման բանակցութիւններու  ընթացքը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ  Ֆրանկոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան ծիրէն ներս շարունակուող  փոխ գործակցութեան:
Բանակցութիւններու  օրակարգին վրայ էր  արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը: Էդուարդ Նալբանդեանը, բարձր գնահատելով Ֆրանսայի կառուցողական ներգրաւուածութիւնը որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ, վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը շարունակելու բանակցութիւնները, հասնելու հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման՝ համանախագահ երկիրներու ղեկավարների՝ լ՛Աքուիլայի, Մուսկուայի, Տովիլի եւ Լոս-Քափոսի  մէջ ընդունուած յայտարարութիւններու եւ ներկայացուած առաջարկութիւններու  հիման վրայ:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու  ղեկավարները մտքեր փոխանակեցին միջազգային օրակարգի տարբեր  ու հրատապ  հարցերու շուրջ, անդրադարձ կատարուեցաւ Իրանի միջուկային ծրագրին, Միջին Արեւելքի զարգացումերուն շուրջ:
Էդուարդ Նալբանդեանը Հայաստան հրաւիրեց Լորան Ֆապիւսը: