ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ տակաւին կանուխ է սուրիահայերու զանգուածային ներգաղթին մասին խօսելու։
Անոր համաձայն, ցարդ միայն չորս ընտանիք այս իմաստով դիմում ներկայացուցած ու տեղաւորուած է կացարաններու մէջ։ Նախարարը դիտել տուաւ, որ ներկայ դրութեամբ ներգաղթի մասին տեղեկութիւններ չկան, որովհետեւ մեր հայրենակիցները չեն խօսիր ներգաղթի կարգավիճակի մասին, այլ պարզապէս կ՛ուզեն իրենց զաւակներուն կրթական հարցերը լուծել։ «Ես ամէն օր կապի մէջ եմ Սիրիայի մեր հայրենակիցների հետ ինչպէս մեր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան, այնպէս էլ հայկական հոգեւոր թեմերի միջոցով: Հայերն այնտեղ, իսկապէս, մտահոգ են», ըսաւ նախարարը:
Սուրիայէն Հայաստան եկած բոլոր սուրիահայերը կ՛այցելեն նախարարութիւն, ուր համապատասխան աշխատանքային խումբ ստեղծուած է։ Սուրիահայերը հիմնականին մէջ կրթական հարցեր կ՛արծարծեն։ Ըստ նախարար Յակոբեանի, շատեր Հայաստան կը գտնուին ամառնային արձակուրդ անցընելու նպատակով, բայց նաեւ կ՛ուզեն, որ իրենց զաւակները հայկական դպրոցներ կամ բարձր ուսումնական հաստատութիւններ յաճախեն։ «Մենք դիմել ենք կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեանը, որպէսզի բոլոր առաջացած խնդիրները լուծում ստանան», նշեց ան: Միւս հարցը, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի անձնագիրներ ստանալու պարագան է։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը յանձնարարած է, որ օրէնսդրօրէն դասաւորուի այս հարցը: «Մեր նախարարութիւնն արդէն կառավարութեան որոշման նախագիծ է պատրաստել եւ ուղարկել գերատեսչութիւններին, որով հնարաւորութիւն կը տրուի Սիրիայի մեր հայրենակիցներին այս ծանր իրավիճակում անձնագրերը ստանալ տեղում: Իսկ մինչ այս անձնագրերը նրանք անպայման Հայաստանում պէտք է ստանային: Սա միւս երկրների վրայ չի տարածւում, այլ երկրների քաղաքացիները պէտք է Հայաստան գան եւ այստեղ անձնագիր ստանան», ընդգծեց նախարարը:
Ան անդրադարձաւ նաեւ վիզայի հարցին եւ այն պահանջին, որ սուրիահայերը կարենան վիզա ստանալ սահմանին վրայ։ Ըստ նախարարին, այս հարցը արդէն նախարարական կոմիտէին կողմէ քննուած է, եւ կառավարութեան յառաջիկայ նիստին լուծում մը պիտի գտնուի։ Հայաստանի մէջ ապրելու ժամանակաշրջանին սուրիահայերը կ՛ունենան նաեւ առողջական հարցեր, իսկ նախարարութիւնը կը փորձէ օժանդակել, որպէսզի կարելի ըլլայ բժշկական ծառայութիւնները կարելի եղածին չափ մատչելի գիներով կամ նոյնիսկ անվճար ըլլան։ Աշխատանք փնտռող սուրիահայերուն եւս կը փորձէ օժանդակել Սփիւռքի նախարարութիւնը՝ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան հետ գործակցելով. սուրիահայերուն կ՛առաջարկուի աշխատանքներ եւ առիթ կը տրուի, որ անոնք ընտրութիւն կատարեն։ «Ընդհանուր առմամբ նախարարութիւն տարբեր խնդրանքներով դիմել են հարիւրից աւելի հայեր եւ դուք չէք գտնի մի հայի, որն այստեղից հեռացած լինի չբաւարարուած, դժգոհ կամ վիրաւորուած, նման բան չկայ», հաւաստիացուցած է ան։ Նախարարին համաձայն, չկայ որեւէ պետական կառոյց, որ պատրաստակամ չըլլայ սուրիահայերու խնդիրներու լուծման օժանդակելու: «Մեզ մնում է մաղթել, որպէսզի խնդրի արագ հանգուցալուծում լինի, խաղաղութիւն հաստատուի, որովհետեւ մեր հայրենակիցները մտահոգ են իրենց գործունէութեան, ունեցուածքի, բիզնեսի համար», ըսաւ նախարար Յակոբեան: